Թրքական լրատուամիջոցները (Milliyet, Karar) կը յայտնեն, որ Կարսէն 13 քմ հեռաւորութեան վրայ Մեզրա (Մեծրա) գիւղին մօտ Կարս գետի ափամերձ եկեղեցին ենթարկուած է գանձագողերու անխնայ յարձակման: Այս մասին կը հաղորդէ «Ermenihaber.am»-ը։
Ըստ տարածուած տեղեկութեան՝ գանձագողերը այնպէս փորած են եկեղեցւոյ հիմքը, վնասած պատերն ու շրջակայքը, որ շինութիւնը յայտնուած է վերջնական փլուզման վտանգի առջեւ:
Թէեւ թրքական կայքերը չեն նշեր, թէ ինչ եկեղեցի է, սակայն եկեղեցւոյ տեղագրութիւնը կը յուշէ, որ խօսքը Կարսի Մեծրա հայկական գիւղին մօտ գտնուող հայկական եկեղեցւոյ մասին է: