ԱՄՆ-ի, Թուրքիոյ եւ Հոլանտայի համատեղ արտադրութեան «Հեռաւոր համաստեղութիւն» տեսանիւթը կը ներկայացնէ Իսթամպուլի ծերանոց մը, ուր տեսախցիկին ուշադրութեան կ’արժանանան «մարտերու մէջ կոփուած» տեղաբնակները: Խռպոտ ձայնով կին մը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր յուշերը: Քաղցր խաբկանքով տարուած դաշնակահարը ստեղծագործութիւն մը կը կատարէ՝ մինչեւ սիրոյ խոստովանութիւն ընելը: Կոյր լուսանկարիչ մը կը սկսի իր խաղը՝ սեփական խցիկը ուղղելով մեզի:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ տեսանիւթը ընդգրկուած է «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի վաւերագրական մրցոյթին մէջ:
Ֆիլմին մասին Յուլիս 10-ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, խօսեցաւ ժապաւէնի արտադրող Տենիզ Պուկան:
«Ծերանոցի միջոցով ցանկացած ենք աշխարհին բացայայտել Իսթամպուլը: Երկար տարիներ կամաւոր աշխատած եմ այդտեղ: Շարժանկարի նկարահանումները իրականացած են վեց տարուան ընթացքին: Այսօր յստակ կրնամ ըսել, որ ծերանոցի բնակիչները ընկերներս դարձած են: Անոնց մէջ են քրիստոնեաներ, ասորիներ, հայկական անցեալ ունեցող մարդիկ: Ասիկա ֆիլմ է ծերունիներու կեանքի, ծերացման գործընթացի եւ Իսթամպուլի մասին»,- նշած է ան:
Յիշեցնենք, որ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնը Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ամենամեծ մշակութային իրադարձութիւններէն է: Հիմնուած է 2004-ին` «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի զարգացման հիմնադրամի, շարժանկարի մասնագէտներու եւ լրագրողներու հայկական ընկերակցութեան կողմէ։ «Ոսկէ ծիրան»-ի հիմնադիրներն են բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեան, շարժանկարի քննադատներ Միքայէլ Ստամբոլցեան եւ Սուսաննա Յարութիւնեան։ «Քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու խաչմերուկ». այս նշանաբանով կը գործէ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնը իր հիմնադրման պահէն ի վեր: Փառատօնը ամէն տարի շարժանկարի արուեստի սիրահարներու ուշադրութեան կը ներկայացնէ 120-150 ֆիլմ` մրցութային եւ արտամրցութային տարբեր ծրագիրներով։