Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Ազրպէյճան Այցելած Հայ Էջատէրը Սպառնալիքներ կը Ստանայ

Ազրպէյճան այցելած՝ հայկական արմատներով էջատէրը Վլատը, որ մէկ շաբաթ առաջ իր էջին վրայ տեսանիւթ հրապարակած էր Ազրպէյճան կատարած այցին վերաբերեալ, յայտնած է, որ սպառնալիքներ կը ստանայ: Այս մասին, youtube-ի իր էջին վրայ տեղադրած տեսաուղերձին միջոցով կը յայտնէ էջատէրը:

Պելառուսական անձնագիրով Ազրպէյճան անցած հայկական արմատներով էջատէրը խնդրած է տարածել տեսանիւթը եւ այդպիսով օգնել իրեն:

«Ինչպէս կը սպասուէր, իրավիճակը անկայուն է: Տարածեցէք տեսանիւթը, տարածեցէք իմ մասին տեղեկութիւն: Միայն այդ ճամբով ես կը կարողանամ անվտանգ ըլլալ»,- նշած է էջատէրը:

Վլատ նշած է նաեւ, թէ կը փափաքի, որ պարզ ըլլայ իր այցին նպատակը Ազրպէյճան:

Ան գրած է, որ ինքը Ազրպէյճան այցելած է խաղաղ, զբօսաշրջութեան նպատակով եւ որ իր հրապարակած տեսանիւթին նպատակը եղած է խաղաղ:

«Իմ հասցէիս համացանցի վրայ ամենաշատ հնչող մեղադրանքը այն է, որ իմ հրապարակած տեսանիւթս ունի սադրիչ նպատակ եւ որ ազրպէյճանցիները վարկաբեկելու համար երկիր մը ինծի գումար տուած է»,- ըսած է էջատէրը:

«Ես Ազրպէյճան խաղաղութեամբ այցելած եմ, ինչպէս եւ կ’այցելեմ այլ երկիրներ: Տեսանիւթին մէջ նշած եմ, որ նպատակը մարդոց ցոյց տալն է Ազրպէյճանը այնպէս, ինչպէս կայ: Տեսանիւթին մէջ հրապարակած եմ մարդիկ, որոնք ինծի կացարան տուած են, հաց տուած են, օգնած են ճանապարհ անցնելու, սակայն բոլորը այդ տեսանիւթին մէջ միայն բացասականը տեսան»,- աւելցուցած է ան:

Էջատէր Վլատ յայտարարած է, որ ինքը զուտ էջատէր է եւ տեսանիւթերը կը նկարէ միայն իր ալիքին համար:

«Ես 23 տարեկան տղայ եմ տեսախցիկով, ո՛չ աւելին, երբեք առաջարկ չեմ ստացած որեւէ բան գնելու կամ վաճառելու համար»,- ըսած է ան:

Էջատէրը ընդգծած է նաեւ, որ զբօսաշրջիկի հանդէպ այն թշնամանքն ու հակակրանքը, որուն ականատես եղած է Ազրպէյճանի մէջ, որեւէ այլ երկիր չէ տեսած, եւ բնական է, որ ինքը նման արձագանգ տայ այդ ամէնուն:

«Քաղաքական հետապնդման կ’ենթարկուի մարդ մը, որ երբեք կապ չէ ունեցած քաղաքականութեան հետ: Հետապնդումը կ’իրականացուի տարածաշրջան մը այցելելու համար, որուն կարգավիճակի հարցով չեն կրնար համաձայնութեան գալ նոյնինքն քաղաքական գործիչները»,- ըսած է էջատէրը՝ նշելով, որ իրեն հանդէպ իրականացուող հետապնդումները անօրինական են:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին