Երեւանի մէջ Յուլիս 8-ին սկսաւ «Ոսկէ ծիրան» ֆիլմերու միջազգային փառատօնը: Այս տարի անիկա կ’իրականացուի 15-րդ անգամ:
Խաղարկային ֆիլմերու ժիւրին կը նախագահէ իրանցի օսքարակիր բեմադրիչ Ասղար Ֆարհատին: Ժիւրիի կազմին մէջ են անգլիացի բեմադրիչ Լարի Սմիթը, որ երկար տարիներ աշխատած է հանրայայտ բեմադրիչ Սթենլի Գուպրիկի հետ եւ Պեքի Փրոպսդը, որ 2014-էն եւրոպական շարժանկարի շուկային նախագահն է: Այս մասին կը հաղորդէ Azaturyun.am-ը։
Փառատօնը բացուած է Ռոպեր Կէտիկեանի «Առանձնատունը» ֆիլմով: Փակման ֆիլմը պիտի ըլլայ Թերի Կիլիամի «Տօն Գիխոտին սպանողը»-ը:
Փառատօնի պատուաւոր հիւրերն են օսգարակիր Տարըն Արանովսքին եւ «Ոսկէ առիւծ» մրցանակի դափնեկիր Ճանֆրանքօ Ռոզին, որուն ֆիլմերը պիտի ներկայացուին «Յետահայեաց ցուցադրութեամբ»: