Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան հրաժարական ներկայացուցած է: Հրաժարականի մասին Տարօն Մարգարեան տեղեկացուցած է երեւանցիներուն յղած իր ուղերձով:
Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է.
«Սիրելի՛ համաքաղաքացիներ,
խօսքս կ՝ուղղեմ ձեզի՝ յայտնելու Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնէն հրաժարելու իմ որոշման մասին եւ շնորհակալութիւնս յայտնելու ձեզմէ իւրաքանչիւրին՝ համագործակցութեան ու համատեղ աշխատանքի համար։
Միասին անցած ճանապարհին ընթացքին՝ փորձած եմ լսել ձեզմէ իւրաքանչիւրի ձայնը եւ քայլ առ քայլ կարգաւորած մայրաքաղաքի խնդիրները, եղած եմ խոստումիս ու ծրագիրներուս հաւատարիմ։ Այդ առումով, կ՝ակնկալեմ ներողամտութիւն մեր բոլոր այն համաքաղաքացիներէն, որոնց հետ մեր համատեղ ճանապարհը կ՝ընդհատուի։
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Երեւանի աւագանիի գործընկերներուս, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ վարչական շրջաններու աշխատակազմերուն, գործընկեր կառոյցներուն եւ անհատներուն՝ համատեղ աշխատանքի ու միասին անցած ուղիի համար»։






