Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Վկայականներու Յանձնման Արարողութիւն

Յուլիս 4-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի պետական եւ Շուշիի ճարտարագիտական համալսարանները գերազանց աւարտած ուսանողներու վկայականներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:

Իր ելոյթին մէջ նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ գիտելիքներու հանդէպ սէրը, աշխատասիրութիւնն ու պատասխանատուութեան բարձր զգացումը շրջանաւարտներուն պիտի օգնեն զարգացնելու իրենց ունակութիւններն ու կարողութիւնները, դառնալու բարձրակարգ մասնագէտներ եւ Արցախի արժանի քաղաքացիներ, ուրոյն աւանդ բերելու հայրենի երկրի զարգացման ու շէնացման:

«Մենք միշտ հպարտութեամբ կը նշենք, որ ունինք հայրենասէր, կիրթ ու զարգացած երիտասարդներ, որոնք իրենց ծնողներու արժանի զաւակներն են եւ անոնց պէս պատրաստ են հնարաւորինս ընելու հարազատ երկրի ու ժողովուրդի համար, պաշտպանելու եւ  զօրացնելու մեր անկախ հանրապետութիւնը՝ շարունակելով աւագ սերունդի աւանդոյթներն ու հայրենանուէր առաքելութիւնը»,- նշած է իր խօսքին մէջ երկրի ղեկավարը՝ աւելցնելով, որ պետութիւնը հետեւողական աշխատանք կ’իրականացնէ կրթութեան եւ գիտութեան զարգացման, երիտասարդներու համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծման, ժամանակակից գիտելիքներով զինուած, առողջ ու հայրենասէր սերունդ դաստիարակելու ուղղութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին