*ՏԱԹԵՒԻԿ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Մեր ժողովուրդը մանկան պէս միամիտ է ու դիւրահաւատ: Նա ծանր պատմութիւն է ունեցել: Ես երբեք չեմ խաբի ժողովրդին: Եւ եթէ իմ գործունէութեան ընթացքում ինձ յաջողուի թէկուզ փոքր-ինչ բարձրացնել ազգի մակարդակը, իմ պատմական առաքելութիւնը կը համարեմ կատարուած:
Ղեկավարի արժանիքը ոչ այնքան այն է, թէ ինչ նպատակներ է նա դնում իր առջեւ, որքան այն, թէ ինչքանով է ռեալ այդ նպատակների իրականացման աստիճանը:
Սա մի ձող է որն ունի երկու ծայր: Վեհ, ազնիւ, բայց անիրականանալի նպատակը աւելի վտանգաւոր է, քան որեւէ այլ բան: Չէ՞ որ միւս ծայրով ձողը հարուածում է ղեկավարին: Հնարաւորութիւններով չամրապնդուած նպատակների առաջքաշումը բախտախնդրութիւն է:
Կարէն Դեմիրճեան
Եթէ կը ցանկաս մոռացութեան չմատնուիլ, յաւերժացո՛ւր քու կառավարմանդ տարիները մշակոյթով ու մշակութային գանձարաններով, որովհետեւ ամէն ինչ անցողիկ է, իսկ մշակոյթը՝ մնայուն: Այս սկզբունքը ուղեկցած է գրեթէ բոլոր հայ թագաւորներուն: Ամենավառ օրինակը մեր թուարկութենէն առաջ երկրորդ դարուն Տիգրան Մեծի եւ Արտաւազդ Բ.-ի գահակալումի տարիներն էին, երբ ստրկատիրական Հայաստանի մշակոյթը հասաւ իր գագաթնակէտին: Կատարուեցան կարեւորագոյն տեղաշարժեր երաժշտութեան բնագաւառին մէջ: Հայկական հզօր պետականութեան արգասիքներէն է հելլենիստական բարձր թատրոնի ծաղկումը, այդ շրջանին անդրանիկ քայլերը կ’ընէ հայկական երաժշտական եւ գեղագիտական միտքը, ինչպէս նաեւ կը զարգանայ աշխարհիկ արուեստը:
Այս ամէնը դարերու խորքէն հասած է մեզի, սա՛ է մեր մշակոյթի ծաղկման սկիզբը: Հետագային եղան նաեւ անկումներ, վերածնունդ… կրկին անկում: Փոխուեցան թագաւորները, փոխուեցան կարգերը: Եկաւ շրջան մը, երբ հայ մշակոյթը բուռն վերելք ապրեցաւ, որ, կարելի է ըսել, մեր ապրած ժամանակաշրջանն էր` 20-րդ դարու երկրորդ կէսը: Անոր մէջ առաջնահերթ դեր խաղաց այդ տարիներուն Հայաստանի ղեկավար Կարէն Դեմիրճեանը` իր ժողովուրդին ցաւով ու հոգերով, իր ժողովուրդի համար ապրող մարդ մը: Կարէն Դեմիրճեանը Հայոց պատմութեան այն երեւելիներէն է, որոնք ժողովուրդին պատմական յիշողութեան մէջ կը մնան իբրեւ արարումի եւ հպարտութեան խորհրդանիշ: Կարէն Դեմիրճեանը ծնած է Երեւան Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած երկու որբերու` Սերոբ Դեմիրճեանի եւ Լուսիկ Կարախանեանի ընտանիքին մէջ: Ըլլալով հայրենադարձ՝ ան կրթութիւն ստացած է ու իր աշխատանքային գործունէութիւնը սկսած է Սովետական Հայաստանի մէջ, հասած տնտեսագիտութեան դոկտորի աստիճանի, մասնագիտական բարձրագոյն եւ միջնակարգ կրթութեան նախարարի առաջին տեղակալի պատասխանատու պաշտօնին: Հայրենադարձները իրենց պէտք է զգային Սովետական Հայաստանի լիիրաւ քաղաքացիներ, ունենային հաւասար իրաւունքներ տեղի բնակիչներուն հետ, ըլլային վստահ, որ իրենց կայացման եւ յառաջընթացի հարցերը պայմանաւորուած էին միայն իրենց անձնական որոկներով եւ հնարաւորութիւններով, անկեղծ ձգտումով ծառայելու երկրին: Այսպէս էր Դեմիրճեանի սկզբունքային մօտեցումը հայրենադարձները ընտելացնելու եւ անոնց մեջ հայրենիքի զգացումը ամրաբնդելու խնդրով:
Դեմիրճեանի վերաբերմունքը սփիւռքի պահպանման եւ ամրապնդման խնդիրին նկատմամբ առանձնապէս վառ կերպով դրսեւորուած է 1978 թուականին լիբանանեան իրադարձութիւններուն ժամանակ, որուն մասին մեր ընթերցողը տեղեկութիւններ կրնայ կարդալ Դեմիրճեանի կնոջ Ռիմա Դեմիրճեանի «Յիշատակ» գիրքին մէջ՝ նուիրուած Կարէն Դեմիրճեանի յիշատակին:
Այդ բացառիկ մարդու կեանքի իւրաքանչիւր շրջանը իր խորհուրդն ու առաքելութիւնը ունի, որուն մեր ընթերցողը կրնայ հետեւիլ՝ այցելելով Կարէն Դեմիրճեանի թանգարան կամ հետեւելով «Զարթօնք»-ի հերթական պտոյտին:
Թանգարանը ստեղծուած է Կարէն Դեմիրճեանի կեանքն ու գործունէութիւնը ուսումնասիրելու, լուսաբանելու եւ յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով։ Հիմնական ցուցադրութեան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցած է 20 Ապրիլ 2007-ին՝ Կարէն Դեմիրճեանի ծննդեան 75-ամեակին առթիւ։ Թանգարանի խնդիրն է նաեւ Կարէն Դեմիրճեանի օրինակով նպաստել մատաղ սերունդի հայրենասիրական դաստիարակութեան։ Այցելուները թանգարանին մէջ կրնան ծանօթանալ նաեւ Կարէն Դեմիրճեանի զինակիցներու կեանքին եւ գործունէութեան, որոնք անձնուրաց աշխատած են իրեն հետ կողք-կողքի, իր ղեկավարութեամբ` զարգացման բարձր մակարդակի հասցնելով մեր հայրենքիը:
Մեր զրուցակիցը է Կարէն Դեմիրճեանի թանգարանի տնօրէն Վահագն Մամեանը:
«Զ.» – Պարոն Մամեան, կ«ըսէ՞ք՝ հիմնադրման ի՛նչ պատմութիւն ունի թանգարանը: Ե՞րբ տեղի ունեցած է պաշտօնական բացումը:
«Վ. Մ.» – Թանգարանը հիմնադրուած է 2001 թուականին: Այս շէնքը, ուր կը գտնուի թանգարանը, 1999 թուականին վարձակալութեամբ վերցուցած էր այդ ժամանակ Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութիւնը, որուն նախագահը Կարէն Դեմիրճեանն էր: Ազգային ժողովի ընտրութիւններէն ետք, երբ Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութիւնը դարձաւ խորհրդարանական կուսակցութիւն, գրասենեակի խնդիր յառաջացաւ, որովհետեւ մինչ այդ կուսակցութիւնը տեղակայուած էր Երեւանի Սարեան փողոցին վրայ գտնուող վարձակալած բնակարանը: Այդ ժամանակ այս շէնքը խարխուլ վիճակի մէջ էր, եւ վերցուցած էին, որպէսզի վերանորոգեն եւ հետագային դառնայ կուսակցութեան գրասենեակը: Հետագայ դէպքերէն ետք կառավարութիւնը որոշեց այս շէնքի առաջին յարկը տրամադրել Կարէն Դեմիրճեանի թանգարան պետական հիմնարկին: Հիմնադրումի առաջին օրէն ես թանգարանը կ’աշխատիմ: Այս ընթացքին մենք հաւաքեցինք Կարէն Դեմիրճեանի կեանքին, գործունէութեան վերաբերող բաւական արժէքաւոր նիւթեր, որոնց մէկ մասը ցուցադրուած են, իսկ մէկ մասն ալ կը պահուին մեր ֆոնտերուն մէջ, որոնք պարբերաբար ցուցադրութիւններու ժամանակ կը ցուցադրուին հանրութեան:
Թանգարանի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 20 Ապրիլ 2007-ին՝ Կարէն Դեմիրճեանի ծննդեան 75-ամեակին առթիւ: Թանգարանը կոչուած է նպաստելու հանրապետութեան մէջ քաղաքական այն մշակոյթի զարգացումին, որուն դաւանին մէջ էր Կարէն Դեմիրճեանը իր ամբողջ կեանքի գործունէութեան ընթացքին:
«Զ.» -Ի՞նչ կարելի է տեսնել թանգարանը: Որո՞նք են թանգարանի ամենաարժէքաւոր իրերը:
«Վ. Մ.» – Թանգարանի ֆոնտը կը պահուի Կարէն Դեմիրճեանի անձնական արխիւը, որ կ’ընդգրկէ նաեւ իր աշխատանքային օրագիրերը, որոնք գրի առնուած են գրեթէ առանց ընդհատումի եւ ՀԿԿ կեդրոնական կոմիտէի առաջին քարտուղարի պաշտօնավարման տարիներուն բացառիկ պատմական արժէք կը ներկայացնեն այդ շրջանի պատմութեան ուսումնասիրութեան համար։ Գրառումները լոյս կը սփռեն տուեալ ժամանակաշրջանի պատմական իրադարձութիւններուն, դէպքերուն, քաղաքական, պետական, մշակոյթի գործիչներու հետ կապուած բազմաթիւ ու բազմապիսի հարցերու վրայ, որոնց մեծ մասը ժամանակին գաղտնիութեան քողով շղարշուած։
Մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն Կարէն Դեմիրճեանի գրառումները՝ «Անաւարտ մտքեր» պայմանական անուանումով։ Այդ գրառումները բացառիկ արժէք կը ներկայացնեն մեր պետականութեան տեսութեան, ազգային շարք մը կնճռոտ հարցերու վերլուծութեան իմաստով։
Հազուագիւտ ցուցանմուշ է նաեւ Կարէն Դեմիրճեանի 50-ամեակին առթիւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ի նուիրած արծաթեայ սկիհը եւ մակագրութիւնը, որ կ’արձանագրէ Կարէն Դեմիրճեանի հայրենաշինական լայնածաւալ գործունէութիւնը։
Մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն գիտութեան, գրականութեան ու արուեստի հայ եւ ռուս անուանի գործիչներու՝ Կարէն Դեմիրճեանին նուիրած հեղինակային աշխատանքներու, գիրքերու ընծայագիրերը։
Բացառիկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ թանգարանը պահուող Կարէն Դեմիրճեանի անձնական արխիւը։ Պատմամշակութային մեծ արժէք ունի ՀԿԿ կեդրոնական կոմիտէի առաջին քարտուղարի աշխատասենեակի կահոյքը, որ ժամանակին պատրաստուած է ՀԽՍՀ ժողովրդական նկարիչ Գրիգոր Խանճեանի նախագիծով։ Յուշասրահը ցուցադրուած են ՀԿԿ կեդրոնական կոմիտէի առաջին քարտուղարներու աշխատասենեակի կահոյքը եւ իրեր, զորս օգտագործած են եւ Կարէն Դեմիրճեանը եւ կեդրոնական կոմիտէի նախորդ առաջին քարտուղարները: Ցուցադրուող աշխատասեղանին մօտ Կարէն Դեմիրճեանը աշխատած է նաեւ այն ժամանակ, երբ ընտրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ:
«Զ.» – Որո՞նք են թանգարանի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները: Կրթական ի՞նչ ծրագիրներ կ’իրականացնէք դպրոցահասակ երեխաներու համար:
«Վ. Մ.» – Թանգարանի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններն են՝ մշակութային, կրթական, գիտական, հրատարակչական:
Թանգարանը ունի փաստավաւերագրական հարուստ նիւթ՝ թանգարանին առջեւ դրուած խնդիրները իրականացնելու համար։ Անոնք փաստաթուղթեր են, լուսանկարներ, տեսաֆիլմեր, ժամանակակիցներու յուշեր, անձնական իրեր, կառավարական պարգեւներ, բարեկամներէ, գործընկերներէ, ժողովուրդէն, այլ պետութիւններու ղեկավարներէն եւ քաղաքական գործիչներէն տարբեր առիթներով ստացած բազմաթիւ յուշանուէրներ, արուեստի գործեր, ողիմպիական ախոյեաններու մետալներ՝ նուիրուած Կարէն Դեմիրճեանին եւ այլն: Դպրոցահասակ երեխաներու համար ունինք տարբեր դասընթացքներ, հերոսութեան դասեր, որոնք հիմնականօրէն կը վերաբերին մեր թանգարանի ուղղուածութեան:
«Զ.» -Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք սփիւռքի հետ: Կարէն Դեմիրճեանի կեանքն ու գործունէութիւնը լուսաբանող ի՞նչ գիրքեր հրատարակուած են:
«Վ. Մ.» – Ի հարկէ, այցելութիւններ կ’ունենանք սփիւռքէն, կը համագործակցինք սփիւռքի տարբեր թերթերու եւ ամսագիրներու հետ, պարբերաբար նիւթեր կը հրատարակուին: Բայց շատ աշխոյժ կապեր դեռ չունինք սփիւռքի հետ: Միւս թանգարաններուն հետ կապերը շատ լաւ են, գործունեայ, գործարար կապեր ունինք: Թանգարանին մէջ յաճախակի ցուցահանդէսներ կը կազմակերպուին՝ գիւղատնտեսութեան զարգացումը Հայաստանի մէջ 1970–1990 թուականներուն, Երեւանի երկաթուղիի ստեղծման պատմութիւնը, «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութեան պատմութիւնը եւ այլն, որոնց նպատակն է դրուագ առ դրուագ ամփոփել Կարէն Դեմիրճեանի գործունէութիւնը։ Ժամանակաւոր ցուցահանդէսներու եւ այլ մշակութային միջոցառումներու կազմակերպման համար նախատեսուած է թանգարանի ամառնային ցուցասրահը։
«Կարէն Դեմիրճեան» բարեգործական հիմնադրամը եւ թանգարանը համատեղ հրատարակած են Կարէն Դեմիրճեանի կեանքն ու գործունէութիւնը լուսաբանող գիրքեր, գրքոյքներ: Հրատարակած ենք «Կարէն Դեմիրճեան», եռալեզու (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն), «Կաթիլներ մեծ ծովից», 2 հատոր, «Յիշատակ» (հայերէն, ռուսերէն) (վերահրատարակուած է 2018-ին) «Дни сквозь строчки» գիրքերը: Հրատարակած ենք նաեւ «Յիշատակի խօսք»,«Լռութեան րոպէ», «Կարէն Դեմիրճեան», գրքոյկ-օրացոյց, «Կարէն Դեմիրճեանի թանգարան», «Karen Demirchyan Museum» գրքոյկները:
«Զ.» – Կարէն Դեմիրճեան իր հայրենասիրութիւնը ապացուցած է հայրենաշինութեամբ: Ան մեծ ներդրում ունի մեր պետութեան, պետականութեան կայացման գործին մէջ, մեծ գործեր ձգած է մեր ժողովուրդին, որոնց մանրամասնօրէն կրնաք ծանօթանալ՝ այցելելով Երեւանի Ղազար Փարպեցիի փողոցի 7-րդ շէնքը գտնուող Կարէն Դեմիրճեանի թանգարանը: Թանգարանի մուտքը անվճար է եւ բաց է բոլոր այցելուներուն համար, որոնց սիրով եւ ջերմութեամբ կ’ընդունին թանգարանի աշխատակիցները՝ տնօրէն Վահագն Մամեանի գլխաւորութեամբ:
Հեռ. +374-10-531710
Էլ. հասցէ՝ museum-ksd@rambler.ru