Չորեքշաբթի, 04. 03. 2026

spot_img

Պելառուսական Անձնագիրով Հայը Այցելած Է Ազրպէյճան Ու Հասած Ծնողներուն Տունը. Լափշին Տեսանիւթ Հրապարակած Է

Ռուսիոյ  քաղաքացի էջատէր Ալեքսանդր Լափշինը դիմատետրի իր էջին հրապարակած է տեսանիւթ մը, որուն հեղինակը, հայ ներկայանալով, կը պատմէ, թէ ի՛նչպէս կրցած է պելառուսական անձնագիրով մեկնիլ Ազրպէյճան:

«Պելառուսական անձնագիրով հայը, որ կրցած է ժամանել Ազրպէյճան ու հասնիլ Կիանճա (Կիրովապատ) գտնուող իր ծնողներու տուն»,- ըստ Artsakhpress.am-ի գրած է Լափշին:

Ան յիշեցուցած է, որ Ազրպէյճանը, ռասիստական նկատառումներէ մեկնելով, թոյլ չի տար հայերուն երկիր մուտք գործելու: «Ինչ կը վերաբերի անոր ծնողներուն եւ Կիանճային, նշեմ, որ հայերը այնտեղէն փախած են Ղարաբաղեան պատերազմին ժամանակ, իսկ անոնց տուները այժմ ազրպէյճանցիներ կ’ապրին»,- նշած է էջատէրը՝ նկատելով, որ Ազրպէյճանի անվտանգութեան աշխատակիցները չեն արձանագրած անոր հայ ըլլալուն հանգամանքը, որուն արդիւնքով երիտասարդը կրցած է հիանալի նիւթ նկարահանել ու վերադառնալ:

«Անոր կարճատեւ ֆիլմը ցոյց կու տայ հասարակ ազրպէյճանցիներուն աղքատութիւնն ու չարութիւնը, սարսափելի հայաֆոպիան ու ամէնուր տիրող լրտեսամոլութիւնը: Ազրպէյճանէն ետք տղան մեկնած է Հայաստան, ապա Ղարաբաղ»,- գրած է էջատէրը:

Ան կը նկատէ, որ նիւթ նկարահանած երիտասարդը մեծ վտանգի դիմած է նման քայլով, քանի որ միայն Կիանճայի մէջ ուղղակի քալելն ու հայերու ձգած տուներուն մասին հարցնելը կրնար յանգեցնել երիտասարդի սպանութեան, նոյնիսկ նախքան զինք ձերբակալելը: «Կը սպասենք յաւելեալ անուն մեր պատուաւոր ցուցակին մէջ, այսինքն՝ Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակ»-ին մէջ»,- կատակած է Լափշին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին