Յուլիս 8-ին Արցախի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարար Ժիրայր Միրզոյեան ընդունած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ԱՀ ներկայացուցիչ Կարօ Քէպապճեանի ուղեկցութեամբ Արցախ ժամանած լիբանանցի յայտնի գործարար, շարք մը ընկերութիւններու հիմնադիր եւ սեփականատէր Նիքոլա Ժորժ Ապու Ֆայսալը:
Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, յայտնած են ԱՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութենէն՝ մանրամասնելով, որ Ժ. Միրզոյեանի հետ առանձնազրոյցի ընթացքին Ապու Ֆայսալ ցանկութիւն յայտնած է Արցախի մէջ պտղատու այգիներ հիմնելու:
Ըստ աղբիւրին՝ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ՝ կառավարութիւնը օրէնքով սահմանուած կարգով պիտի աջակցի գործարարին համապատասխան հողամասերու վարձակալութեան եւ որոշ ենթակառուցուածքներով ապահովելու հարցով: Կը նախատեսուի նաեւ հիմնել վերամշակող ձեռնարկութիւններ: