Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Արժանթինահայերու Նուիրատուութիւնները Ներդրումներու Պիտի Վերածուին. Դեսպան Ուրրիոլապէիդիան Խօսած Է Հայաստանի Մէջ Ներդրումային Հնարաւորութիւններու Մասին

Հայաստանի մէջ Արժանթինի դեսպանատունը պատրաստ է աջակցելու արժանթինացիներուն՝ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու համար: Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ այս մասին Յուլիս 9-ին հրաւիրուած մամուլի ասուլիսին ժամանակ նշած է Հայաստանի մէջ Արժանթինի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կոնզալօ Ուրրիոլապէիդիան:

Հայաստանի մէջ ներդրումներու հարցով բաւական աշխոյժ են արժանթինահայերը: Դեսպանը նշեց, որ կան Էտուարտօ Էռնեկեանի կողմէ իրականացուող նոր նախագիծեր:

«Գիտենք, որ ձեռք բերուած է արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին շէնքը, եւ այնտեղ կը նախատեսուի կառուցել գործարար-կեդրոն: Արժանթինահայերը ներդրումներ կ’իրականացնեն նաեւ Տաւուշի մէջ՝ հիմնական շեշտը դնելով ջերմոցային տնտեսութիւններուն վրայ: Արդէն կառուցուած է գրեթէ 120 ջերմոց: Կարեւոր միտում կայ արժանթինահայերու նուիրատուութիւնները ներդրումներու վերածելու: Կ’ակնկալուի, որ շուտով անոնք աւելի անմիջական կ’ըլլան»,- ըսաւ դեսպանը:

Խօսելով դեսպանատան աշխատանքներուն մասին՝ Կոնզալօ Ուրրիոլապէիդիան նշեց, որ անոնք քանի մը ուղղութիւններով են՝ քաղաքականութիւն, տնտեսութիւն, մշակոյթ, հիւպատոսական գործունէութիւն:

«Քաղաքական ուղղութեան մէջ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են: Առկայ է երկխօսութիւն, երկու երկիրները իրար կ’աջակցին միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ: Տնտեսական մակարդակի վրայ դեսպանատունը կ’աջակցի արժանթինցի ներդրողներուն, կը կազմակերպուին առեւտրական ձեռնարկներ: Յառաջիկային կ’ակնկալուի արժանթինական արտադրանքի առեւտրական երկու ձեռնարկ: Աշխուժօրէն կ’աշխատինք Հայաստանի կառավարութեան հետ, յատկապէս գիւղատնտեսական ոլորտին հետ կապուած, Արժանթինը կեդրոնացած է այդ ուղղութեան վրայ, այստեղ ընելիքները շատ են»,- ըսաւ դեսպանը:

Կոնզալօ Ուրրիոլապէիդիան տեղեկացուց, որ Հայաստանի մէջ կը կազմակերպուին նաեւ արժանթինական ֆիլմերու եւ արժանթինական թանկոյի փառատօններ: Աշխատանք կը տարուի, որ այս երկու փառատօններուն շրջանակը Երեւանէն դուրս գայ: Կը նախատեսուի ընդգրկել Շիրակն ու Տաւուշը:

Խօսելով հայաստանեան ներքաղաքական վերջին զարգացումներուն մասին՝ դեսպանը նշած է, որ այն ինչ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ, հասարակութեան պահանջին արտայայտումն էր:

«Իւրաքանչիւր փոփոխութիւն իր հետ սպասելիքներ կը բերէ: Նոր փոփոխութիւններուն ակնկալիք կը սպասուի արժանթինահայերուն մէջ: Բոլոր այն հայերը, որոնք, ծանր ժամանակաշրջանի բերումով հասած են Արժանթին, անոնց զաւակներն ու թոռները սերտ կապուածութիւն ունին Հայաստանի հետ: Անոնցմէ շատերը կու գան Հայաստան, ներդրումներ, բարեգործութիւն կը կատարեն, պատրաստ են ալ աւելի աջակցելու Հայաստանի զարգացման: Յոյս ունինք, որ այդ պատրաստակամութիւնը աշխոյժ պիտի ըլլայ»,- աւելցուց դեսպանը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին