Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

Վարդավառ

Համադրեց՝ ԱՐՄԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից

 

Վարդավառ կամ Վարդեվառ, հայ ժողովրդական նախաքրիստոնէական տօն, ըստ եկեղեցական տօնացոյցի կը նշուի Զատիկէն 14 շաբաթ կամ 98 օր ետք, Կիրակի, Յունիս 28-էն Օգոստոս 1 ինկած ժամանակահատուածին։ Գրիգոր Լուսաւորիչը փոխած է Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութեան տօնով։ Վարդավառը կամ Քրիստոսի Պայծառակերպութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն է։

 

Հեթանոսութիւն

Տօնի պատմութիւնը կու գայ հեթանոսական ժամանակներէն։ Տօնի ժողովրդական Վարդավառ անունը կը բացատրուի որպէս հնդեւրոպական «var-ջուր եւ arr– ցօղել, սրսկել» անուններու համակցում, այսինքն՝ «ջուր ցօղելու», «ջուր լեցնելու» տօն։ Վաղնջական ժամանակներէն Յուլիս ամսուն, դաշտային հիմնական աշխատանքները աւարտելէ եւ հացահատիկը հաւաքելէ ետք ընդունուած սովորութիւն էր մեծ տօնախմբութիւն կազմակերպել՝ օրհնելով եւ զոհաբերութիւններ ընելով դաշտը հովանաւորող ուժերուն։ Այսպէս, տօնահանդէսի անհրաժեշտ դրսեւորումներէն էր հասկի փունջեր եւ նոյնիսկ խուրձեր տանիլ մեհեանները՝ շնորհակալութեան տուրք մատուցելով այդ հասկի աճելուն օժանդակած աստուածներուն, գառ զոհաբերել ջուրերու ակունքներուն մօտ՝ ջուրերու ոգիներուն աղերսուող ուխտավայրերուն մէջ մեծարելով դաշտային աշխատանքներուն խիստ անհրաժեշտ ջուրը հովանաւորող ուժերը։

Հին ժամանակներուն, Վարդավառի տօնը կը կապէին հայկական դիցաբանութեան ջուրի, սիրոյ, պտղաբերութեան ու գեղեցկութեան աստուածուհի Աստղիկի հետ։ Վարդավառի տօնը կը նշուէր ժողովրդական մեծ հանդիսութիւններով։ Աստղիկին վարդեր կը նուիրէին, աղաւնիներ կը թռցնէին եւ իրարու վրայ ջուր կը թափէին։ Ջուր թափելու սովորութիւնը պահպանուած է ընդհուպ մինչեւ այսօր։ Վարդավառի խորհուրդը նաեւ եղած է ջուրի պաշտամունքը, երբ աղերսած են արգասաւորութիւնն ու պտղաբերութիւնը հովանաւորող ուժերուն։

Աւելի վաղ ժամանակներուն, տօնակատարութիւնը հիմնականօրէն տեղի ունեցած է սարերը, ջուրերու ակունքներուն մօտ, որոնք համարուած են իւրօրինակ սրբատեղիներ եւ ուր կատարուած են զոհաբերութիւններ՝ ի պատիւ ջուրը հովանաւորող ոգիներուն։ Ջուրին աղերսուող ծէսերը ունեցած են անձրեւ խնդրելու, հաւանական երաշտը կանխելու նշանակութիւն։ Ընդհանրացուած սովորութիւն էր, որ մինչեւ Վարդավառ խնձոր չուտէին, տարուան առաջին խնձորը կ’ուտէին Վարդավառին, ինչպէս առաջին խաղողը կ’ուտէին Վերափոխման կամ Խաղողօրհնէքի տօնին։ Որոշ վայրերու մէջ առաջին խնձորը վայելելը կ’ուղեկցուէր յատուկ նախապատրաստութիւններով, ինչպէս Շատախի մէջ, ուր երիտասարդները Վարդավառի շաբաթ երեկոյեան դէզեր կը շինէին եւ մութը իջնելուն պէս կը սկսէին հերթով վառել այդ դէզերը՝ մինչեւ լուսաբաց բոլորելով կրակի շուրջ, որոնց մէջ կը խորովէին ուտելի առաջին խնձորները։ Լուսաբացէն առաջ կը վառէին ամենամեծ դէզը, որուն շուրջ կը սկսէին տղաներու եւ աղջիկներու խմբապարերը՝ յայտարարելով տօնի սկիզբը։

Վարդավառը նաեւ բերքահաւաքի հետ կապուող առաջին տօներէն էր, որուն ծէսերը մասամբ նուիրուած էին բերք ու բարին ապահովող աստուածութիւններուն։ Վարդավառի տօնին սովորաբար եկեղեցիին նուիրաբերած են հասկեր, աղերսած, որ արտերն ու այգիները զերծ մնան աղէտներէ (կարկուէն, մորեխէն), ծառերու դալար ոստերով զարդարած են տուները, ծաղկեփունջեր նուիրած են իրար, աղաւնիներ թռցուցած, կազմակերպած են ջրախաղեր, զուարճութիւններ, խնճոյքներ, անասնապահները ծաղիկներով զարդարած են անասուններու ճակատները եւ այլն։ Շատ գաւառներու մէջ Վարդավառին կրկնուած են Տեառնընդառաջի, այլուր՝ Համբարձումի շարք մը արարողութիւններ, օրինակ՝ վիճակ հանելու սովորութիւնը։ Որոշ տեղեր Վարդավառը տօնած են հաստատուն օր (Յուլիս 22-էն ետք առաջին Կիրակի օրը), այլուր՝ Զատիկէն 98 օր ետք։

 

Քրիստոնէութիւն

Քրիստոնէական աւանդոյթի համաձայն՝ այդ օրը Յիսուս Քրիստոսը Պետրոս, Յակոբ եւ Յովհաննէս առաքեալներուն հետ լեռ կը բարձրանայ աղօթելու։ Տապէն ու յոգնածութենէն առաքեալները կը քնանան, իսկ աղօթող Քրիստոսի վրայ լոյս կ’իջնէ, անոր դէմքը արեւի նման կը պայծառանայ, իսկ հագի զգեստը ձիւնի նման կը ճերմկնայ այնպէս, որ ամբողջ լեռը  լոյսով կ’ողողուի։ Այդ փայլէն առաքեալները կ’արթննան եւ ականատես կը դառնան Քրիստոսի «Պայծառակերպութեան» եւ «Այլակերպութեան» հրաշքին։

*     *     *

Վարդավառ տօնը յատկապէս սիրուած է երեխաներուն մօտ, բայց մեծերը նոյնպէս անտարբեր չեն։ Իրարու վրայ ջուր թափելու կամ ջրելու աւանդոյթը ժողովրդական լեզուով կ’ըսուի նաեւ ջրոցի։ Վերջին հարիւրամեակի ընթացքին Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ կայունացած է Վարդավառը Յուլիս 22-ին յաջորդող Կիրակի օրը նշելու աւանդոյթը։ Այդ օրը, ըստ էութեան, լաւագոյնս կը համապատասխանէ տօնի բովանդակային սկզբունքին, գիւղացիի դաշտային աշխատանքները հիմնականօրէն աւարտած կ’ըլլան եւ լիովին կ’իմաստաւորուի հասկերը եկեղեցւոյ կամ գառը ուխտավայրերուն մէջ զոհաբերելու սովորոյթը։

 

Աստղիկին
(Վարդավառի առիթով)

Ո՜վ չքնաղ Աստղի՜կ, Դիցուհի՜դ Սիրոյ,
Մեր սէրը օծիր քո վեհ ժպիտով,
Վարդավառ սարքիր մեր սրտերի մէջ,
Մեր Արի ոգին վառիր արեւով:
Վարդաջուր ցանիր դու մեր աչքերին
Ու սէր բորբոքիր՝ սէր լուսապայծառ,
Լոյսի պէս անկիրք, մաքուր եւ ազնիւ:
Անվերջ նորոգիր քո սէրը մեր մէջ
Եւ այն տարածիր Արարատով մէկ,
Որ սիրով շնչեն պատանիք Արի,
Որ սիրով ծնեն եւ նոյն այդ սիրով
Գուրգուրեն իրար:
Մանուկը սիրով իր մօրը գգուի,
Իր հօր արեւին փարուի նա սիրով,
Եղբայրն իր եղբօր աչքերին նայի
Հաւատի սիրով,
Եւ հենց այդ սիրով հայ երգը հնչի:

*     *     *

Աստղիկ աստուածուհին

 

Աստղիկը ջուրի, սիրոյ ու գեղեցկութեան աստուածուհին է հին հայկական դիցաբանութեան մէջ։

Աւանդութեան համաձայն՝ Աստղիկ դիցուհին Մշոյ դաշտէն հոսող Արածանի գետը ամէն գիշեր կը լողար։ Սիրահարուած երիտասարդները կը հաւաքուէին մօտակայ բարձունքին, որպէսզի տեսնէին աստուածուհին։ Սակայն Աստղիկը աննկատ մնալու համար դաշտը մշուշով կը պատէր, այդ իսկ պատճառով ալ երկիրը կոչուած է Մուշ, դաշտը՝ Մշոյ դաշտ։ Աստղիկը, ըստ աւանդութեան, Արամազդ Մեծագոյն աստուծոյ դուստրն է, Վահագն աստուծոյ սիրեցեալը։ Զինք անուանած են նաեւ Ոսկեծղի, Ոսկեբազուկ, Վարդամատն։ Աստղիկի գլխաւոր մեհեանը Տարօն գաւառի Աշտիշատ աւանը կը գտնուէր։ Անիկա կոչուած է նաեւ «Վահագնի սենեակ», ուր Աստղիկը հանդիպած է Վահագնին։ Հին Հայաստանի մէջ Աստղիկի եւ Վահագնի սէրը սուրբ համարուած է. մարդիկ կարծած են, թէ անոնց հանդիպումէն է, որ անձրեւ  կը տեղայ երկրի վրայ, բերք ու բարիք կը ստեղծուի։ Աւանդութեան համաձայն՝ Աստղիկը բնակած է Տարօնի Ասղնբերդը, որուն տանիքը բոյն դրած ծիծեռնակները՝ որպէս սուրհանդակներ, լուր կը տանէին աստուածուհիի սիրեցեալ Վահագն աստուծոյ։

Աստղիկին նուիրուած տաճարներ կային նաեւ Վանայ լիճի մերձակայ Արտամետ գիւղը, Անձեւաց գաւառը եւ այլուր։ Անցեալին, Երեւանի օփերայի եւ պալէի շէնքը նոյնպէս եղած է Աստղիկին նուիրուած տաճար։ Տօնակատարութեան ժամանակ Աստղիկին նուիրաբերած են վարդեր (այստեղէն իր Վարդամատն մականունը), աղաւնիներ թռցուցած են, ջուր ցօղած իրարու վրայ, ուրախացած։

Աստղիկը կը համապատասխանէ յունական Աֆրոտիդէ, հռոմէական Վեներա աստուածուհիներուն։ Աստղիկի տօնը նշած են Յուլիսի կէսին՝ համաժողովրդական մեծ հանդիսութիւններով եւ արարողութիւններով։ Այդ տօնը կոչուած է Վարդավառ եւ ցայսօր կը պահպանուի։

 

*     *     *

Ըստ արիական աւանդոյթներու՝ ստորգետնեայ աստուածը արարչական ընտանիքէն կը գողնայ Աստղիկը, որուն հետեւանքով արիներու մէջէն կը վերանան սէրն ու գեղեցկութիւնը, անոնց հոգիներուն մէջ բոյն կը դնէ ատելութիւնը եւ անոնք կը դառնան տգեղ ու դժնդակ։ Բայց Վահագնը, յաղթելով Վիշապին, կ’ազատէ Աստղիկը եւ շրջելով Արարատը, արիները կ’օծէ վարդաջուրով, վարդավառ կը սարքէ եւ զանոնք վերստին կ’օժտէ աստղիկեան սիրառատութեամբ։ Վարդավառը Հայոց աշխարհի մէջ մեծ շուքով կ’անցնի։ Անիկա հայերու ամենասիրած տօներէն է։ Այդ օրը մեծ թէ փոքր խանդավառութեամբ իրար ջուրով կ’օծեն, իրար սէր ու գեղեցկութիւն կու տան, կ’երգեն, կը պարեն, կը նորոգեն աստուածային խորհուրդը, կը փառաբանեն Աստղիկը, իրար կը նուիրեն նորոգ սիրոյ խորհրդանիշ ծաղիկը՝ վարդը։ Ըստ աւանդազրոյցի՝ ծովուն ճերմակաթոյր փրփուրներէն ծնած էր Աստղիկը եւ ուրկէ որ քալէր, ոտքերէն կաթկթող արիւնէն վարդեր կը բուսնէին։ Երբ դիցուհին վարդի թերթիկներ կը թափէր Հայոց աշխարհին, անոնք աննկատելիօրէն կը քսուէին հայ աղջիկներուն եւ զանոնք կ’օժտէին աստուածային գեղեցկութեամբ։

Ակադեմիկոս Մանուկ Աբեղեանը Աստղիկը կը համարէ նաեւ ջուրի աստուածուհի եւ դիտել կու տայ, որ Գեղամայ լեռներուն մէջ յայտնաբերուած վիշապներ կոչուած ձկնակերպ կոթողները Աստղիկ դիցուհիի արձաններն են։

Աստղիկ աստուածուհիի անունը կը կրէ Հայկեան տոմարի իւրաքանչիւր ամսուան եօթներորդ օրը։

 

Բնագիրը՝ Արեւելահայերէն
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
«Զարթօնք»ի աշխատակից

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին