Նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցած է Միջազգային եւ անվտանգության հարցերու հայկական հիմնարկի երիտասարդական երրորդ համագումարին, որ տեղի կ’ունենայ «Ժողովրդավարութիւն, անվտանգութիւն եւ արտաքին քաղաքականութիւն» խորագրով:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է երկրին մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն եւ զարգացման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ հիմնարկի շրջանաւարտներուն հետ կիսուած է իր փորձով։
Նկատելով, որ երկրին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները տարբեր անուանումներով կը բնութագրուին՝ նախագահը լաւագոյններէն համարած է «Երիտասարդ Հայաստան» տարբերակը: «Ոչ միայն նրա համար, որ երիտասարդներն էին հիմնականում մասնակցում, երիտասարդական ոգի կար, այլ որովհետեւ երիտասարդութիւնը նաեւ հաւատ է ապագայի նկատմամբ: Երիտասարդ է այն մարդը, ով իր կեանքի նախաշեմին է, եւ կեանքի բոլոր ճանապարհները նրա առջեւ բացուած են»,- նշած է Արմէն Սարգսեանը եւ աւելցուցած. «Ներկայումս մեր երկրի համար եւս բոլոր հնարաւորութիւնները բաց են, եւ պէտք է ընտրել բարձրանալու ճանապարհը»:
Արմէն Սարգսեան իր առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը համարած է խորհրդարանական հանրապետութեան մէջ նախագահական մշակոյթի կերտումը։
Նախագահը նաեւ անդրադարձած է սահմանադրութեան կարեւորութեան, գոհունակութեամբ նշած է վերջին շրջանի իրադարձութիւններու հանգուցալուծումը սահմանադրութեան ծիրին մէջ։ «Սահմանադրութիւնը հիմնական օրէնքն է, եւ եթէ երկրում փոփոխութիւններ, զարգացումներ պէտք է լինեն, ապա պէտք է լինեն դրա սահմաններում: Ու եթէ մի օր սահմանադրութիւնը պէտք է նորից փոփոխուի, ապա պէտք է փոփոխուի ժողովրդի կամքի հիման վրայ, ոչ թէ նրա համար, որ ինչ-որ մէկն ինչ-որ պատճառով որոշել է փոփոխել այն: Փոփոխողը պէտք է լինէք դուք»,- նշած է ան:
Այնուհետեւ նախագահ Սարգսեան պատասխանած է համագումարի մասնակիցներուն բազմաթիւ հարցերուն, իսկ հուսկ, յանձնած է Միջազգային եւ անվտանգութեան հարցերու հայկական հիմնարկի այս տարուան շրջանաւարտներու աւարտական վկայականները:






