Հպարտութիւն առթող շրջանաւարտութեան վկայականաց բաշխման հանդէս մըն էր, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 23 Յունիս 2018-ին Զապէլ Մովսէսեան սրահին մէջ, ծնողներու, հարազատներու, բարեկամներու ու հիւրերու հոծ ներկայութեամբ:
Ամենուրէք խանդավառութիւն, բարձր տրամադրութիւն, սրահը վերածելով ուսումնական տօնախմբութեան, ցոյց տալով հոգեպարար մթնոլորտի մը թեւածումը, ի տես աշակերտութեան, ուսուցիչներու ու ծնողներու համախումբ խնդակցութեան եւ ինքնագոհութեան:
Հանդէսը պատուած էին, իրենց ներկայութեամբ, Միութեան շրջանակային յանձնաժողովի փոխատենապետուհի՝ Տիկ. Սիլվա Լիպարիտեան, կրթական յանձնախումբի անդամներ՝ Օրդ. Գարոլ Գասպարեան եւ Պրն. Մայք Կիրիթլեան:
Լիբանանի, Հայաստանի ու ՀԲԸՄ-ի քայլերգերը հնչեցին, յոտընկայս ունկնդրութեամբ, ապա, բացման խօսք արտասանեց Տիկ. Նաթալին Ագըլեան, որ բարի գալուստի խօսքէն ետք, յայտարարեց, որ 2017-2018 տարեշրջանի շրջանաւարտները կը նկատուին «Էրեբունի-2800» ամեակի նուիրուած նորընծաներ:
Յայտագիրը, իր գեղարուեստական բովանդակութեամբ, նրբագեղութեամբ եւ մատչելիութեամբ, ամբողջութեամբ նուիրուած էր «Երեւան-2800»ին, արտասանական, խմբերգային, երգապարային եւ պատկերային կատարողութիւններով, ուր Երեւանը հիմնական նիւթն էր, նուիրուած՝ անոր հրաշագեղութեան, տեսարժանութեան, գրաւչութեան եւ անփոխարինելիութեան, ներկայացուած՝ մեր անուանի հեղինակներու խօսքերով, երաժշտութեամբ, ստեղծագործութեամբ ու ներշնչումներով, արտայայտուած՝ մեր շնորհալի շրջանաւարտներու համբուրելի արտայայտամիջոցներով եւ արտասանութիւններով:
Բեմահարթակի լայնադրօշ պաստառը, արդէն կը յիշեցնէր պատմական այս տարեդարձին իւրայատկութիւնը, իր զանազան տեսարաններով, ինչպէս՝ քաղաքամայր Երեւանի համայնապատկեր, Ս. Էջմիածին, մշակութային կոթողներ, որոնք լաւագոյնս կ’արտացոլացնէին Էրեբունիի անցած ուղին (պատրաստութիւն՝ Տիկ. Թամարա Շիր Յակոբեան):
Այս ոգիով ու տրամադրութեամբ, յայտագիրը ընթացաւ նշանակելի տպաւորութեամբ ու գովելի ազդեցութեամբ, երբ՝ Արփի Սարեան, «Հէյ Ջան Երեւան»-ը (Յ. Ղուկասեան), արտասանեց ապրումով, Պերճ Կէօքճեան, «Թուղթ Առ Երեւան» (Անդրանիկ Ծառուկեան)՝ հաղորդականութեամբ:
Յատկանշական էր «Երեւանի Առօրեայ Կեանքէն» պատկերը (Ա. Այվազեանի երաժշտութեամբ), ուր կենդանի եւ սովորական տեսարաններով ու զբաղումներով ցոյց կը տրուէին երեւանեան կեանքէն առնուած շարժեր, իրապաշտական ու բնական խաղարկութեամբ:
«Երեւանը Մենք Ենք» խմբերգը (խօսք՝ Ա. Բարսեղեան, երաժշտ.՝ Ա. Մարտիրոսեան) եւ «Երեւանի Սիրուն Աղջիկ» երգ-պարը, կատարողութեամբ՝ Կարէն Պաղսարեանի եւ Մարի Պէլ Հաճեանի (խօսք՝ Վ. Յարութիւնեան, երաժշտ.՝ Ա. Պապաջանեան), ինչպէս նաեւ «Գարուն Երեւան» պարը՝ (Արամ Խաչատուրեան), իրենց տպաւորիչ արտայայտութիւններով ու նազելիութեամբ ոգեւորական պահեր ստեղծեցին:
Տեսչուհի Տիկ. Ցոլինէ Էլմայեան շրջանաւարտութեան այս նուիրական պահին մասին իր ուսանելի խորհրդածութիւնը կատարելէ ետք, անդրադարձաւ այս տարեշրջանի վարժարանին արձանագրած ճոխ գործունէութեան մասին: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ինչպէս Երեւանը, ամուր պահելով իր զաւակներուն տեսլականը, մինչեւ այսօր կը գոյատեւէ եւ կը բարգաւաճի, նոյնպէս ալ մեր մաղթանքն է որ յառաջիկայ հանգրուանը ըլլայ գոյատեւման եւ բարգաւաճման հանգրուան մեր բոլորին… մեր սաներուն, մեր դպրոցին ու մեր միութեան՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան»:
Շրջանաւարտներու սրահ մուտքը ու բեմ բարձրանալը տեղի ունեցաւ բուռն ծափահարութիւններու եւ ողջոյններու տարափին տակ, մինչ ուսուցչուհի Տիկ. Ռիթա Աբրահամեան «Հուսք բանք»-ի համար հրաւիրեց Պրն. Համբիկ Մարտիրոսեանը, անոր կենսագրական գիծերը ներկայացելէ ետք:
Պրն. Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «դարը գիտութեան եւ ուսման դար է, ու մեր երեխաները ամէն օր, ամէն ժամ մեր վարժարանին մէջ ամբարեցին գիտելիք ու ուսում, դառնալու համար ՄԱՐԴ, ՀԱՅ ՄԱՐԴ, ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ ՈՒ ԳԻՏԱԿԻՑ ՄԱՐԴ, ԱԶԳԱՍԷՐ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ ՄԱՐԴ, միշտ երախտապարտ իրենց ապրած հայրենիքին՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ»:
«Որպէս փաստ իմ ակնարկութեան, պիտի բարձրաձայնեմ. Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան վարժա-րաններու սաները, անցեալին ու ներկայիս, միշտ ալ դաս-տիարակուեցան այս գիտակցութեամբ, եւ մեր շրջանաւարտ-ները հանդիսացան մի՛շտ երախտագէտ ու շնորհակալ եւ եղան առաքինի նկարագրի տէր անձեր, ուր որ ալ գտնուեցան անոնք… նոյնիսկ ովկիաններէն անդին՝ պատիւ բերելով մեր վարժարաններուն, կազմակերպութեան ու հայութեան» եզրափակեց Պրն. Մարտիրոսեան:
Ապա, շրջանաւարտներ Փաթիլ Մավլեան (ֆրանսերէն), Կարէն Պաղսարեան (արաբերէն), Մարտիկ Խաչատուրեան (անգլերէն), Այգ Չըլտըրեան (հայերէն) իրենց ուղերձները արտասանեցին, որմէ ետք վկայականներու բաշխումը ու մրցանակներու յանձնումը տեղի ունեցան, ձեռամբ Տիկ. Սիլվա Լիպարիտեանի, տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեանի եւ տեսչուհի Տիկ. Ցոլինէ Էլմայեանի:
Կրթական յանձնախումբի անդամ Պրն. Մայք Կիրիթլեան շնորհաւորեց Պըրովէի պետական քննութեան բոլոր յաջողածները, ապա իր վկայութիւնը ու համակրելիութիւնը արտայայտեց Միութեան վարժարաններու սան կամ շրջանաւարտ ըլլալը, օրինակ տալով Նազարեանի պատկանելիութիւնը, դիտել տալով, թէ ի՛նչպէս իրեն, նաեւ սաներուն համար, հպարտութիւն է Միութեան վարժարաններու բովէն անցնիլը, այս պահը նկատելով ատոր լաւագոյն ապացոյցներէն մէկը:
Հանդէսը աւարտեցաւ շրջանաւարտներու խմբերգով՝ «Երեւան Դարձած Իմ Էրեբունի» (խօսք.՝ Պ. Սեւակ, երաժշտ.՝ Է. Յովհաննեսեան), որ լաւագոյն եզրափակիչ էր բարենիշն առինքնող այս հանդիսութեան կայացումին, շրջանաւարտներու իր արժանաւոր հունձքով: