Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 242-րդ տարեդարձի առթիւ այսօր այցելած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի կեցավայրը: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է դեսպան Ռիչարտ Միլսին եւ ի դէմս անոր՝ Միացեալ Նահանգներու բարեկամ ժողովուրդին՝ պետական կարեւոր տօնի առթիւ՝ մաղթելով բարեկեցութիւն ու շարունակական զարգացում:







