Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

Փորձագէտը Նախիջեւանի Ուղղութեամբ Հայկական Կողմէն Ազրպէյճանին Հասցուած Պատասխանը Բաւական Կոշտ Կը Համարէ

Ազրպէյճանական հարցերով փորձագէտ Անժելա Էլիպեկովան Նախիջեւանի ուղղութեամբ Ազրպէյճանի՝ դիրքերու ամրապնդման շինարարական աշխատանքներուն ի պատասխան հայկական կողմի արձագանգը բաւականին կոշտ համարեց:  «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ փորձագէտը նման կարծիք յայտնեց լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:

«Նախիջեւանի մէջ իրավիճակի լարումը ազրպէյճանական կողմէ ոչ այնքան քաղաքական, որքան ռազմական ազդանշան է: Ազրպէյճանը կը փորձէ ցոյց տալ, որ պատրաստ է պատերազմի եւ հնարաւորութեան պարագային վեջինիս պիտի դիմէ: Սակայն հայկական կողմի պատասխանը եւս բաւական կոշտ եղաւ»,-ըսաւ Էլիպեկովան:

Հայկական կողմի պատասխան կրակէն ամբողջութեամբ աւերուած ու այրած է հակառակորդի դիրքերէն մէկը: Փորձագէտի կարծիքով, սակայն, ասիկա չի նշանակեր, որ Ազրպէյճանը պիտի չշարունակէ շինարարական աշխատանքներ կատարելու փորձը: Ազրպէյճանական կողմը կը փորձէ նշանառութեան տակ պահել մեր ռազմական նշանակութեան ճամբաները: Էլիպեկովայի կարծիքով՝ ներկայիս վիճակը Հայաստանի համար աւելի լաւ պատրաստուելու հնարաւորութիւն է նաեւ:

Աւելի կանուխ, Արծրուն Յովհաննիսեանը ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած էր, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը նախիջեւանեան ուղղութեամբ որոշ տեղամասերու մէջ փորձած են դիրքային ամրապնդման շինարարական աշխատանքներ իրականացնել, ինչին ի պատասխան ՀՀ ԶՈւ-ն կրակ բացած են հակառակորդին ուղղութեամբ: Հայկական կրակէն ամբողջութեամբ աւերուած ու այրած է հակառակորդի դիրքերէն մէկը: Փոխհրաձգութեան ընթացքին թեթեւ (աննշան) վիրաւորում ստացած է ՀՀ ԶՈՒ պայմանագրային զինծառայող 1974-ի ծնունդ Վահագն Սամուէլ Պաղտասարեանը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին