*ՏԱԹԵՒԻԿ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Ուշ–ուշ են գալիս, բայց ոչ ուշացած,
Ծնուում են նրանք ճիշդ ժամանակին:
Եւ ժամանակից առաջ են ընկնում,
Դրա համար էլ չեն ներում նրանց…
Անյարմար է բոբիկ քայլել,
Այս կօշիկն էլ շատ է նեղում:
Ինչպէս քայլել առանց ուղու
Այս ճամբան էլ շատ է շեղում:
Դոփել տեղում: Բայց դրանից
Ոչ կօշիկդ կը լայնանայ,
Ոչ էլ ցաւը կը մեղմանայ…
Ցաւն է յաճախ առաջ մղում:
Պարոյր Սեւակ
Մեծերը չեն մահանար: Մեծերը կը ձուլուին մարդոց հոգիներուն, կը մտնեն անոնց սրտերը` սերունդէ-սերունդ յարատեւելու անխախտութեամբ… Անչափելիօրէն խոր ու երկնամերձ սքանչելիքներ տուաւ մեզ Պարոյր Սեւակը… Իր մեծութիւնը գնահատողը ժամանակներն են, որ կան ու պիտի շարունակեն ըլլալ: Ժողովուրդի անբիծ սէրը այն յուշարձանն է, որ ստեղծած է ինքը` մեծ բանաստեղծը: Այդ սէրը մաքուր ու յաւերժական է: Երթալով այդ սէրը կը թանձրանայ եւ կը ծաւալուի գարնան զարթօնքի նման` հիացում եւ ուրախութիւն բերելով ժամանակի ու տարածութեան հեռուները իրար յաջորդող սերունդներուն… Իր մեծ նախորդներուն` Նարեկացիի եւ Շնորհալիի, Աբովեանի ու Ալիշանի, Սիամանթոյի ու Չարենցի ոգին էր, որ հարազատ զաւակի իրաւունքով ժառանգած էր ան: Կոմիտասեան անլռելի զանգակատան արձագանգները կը նիրհէին իր արեան մէջ, որ արթնցան ու հնչեցին այնքան ուժգին, այնքան հարազատ ու հայրենաշունչ… Հնչեցին իրենց ղօղանջները փռելով ամբողջ հայ ժողովուրդի հոգիին մէջ` Մայր Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ծայրերը…
Իր մէջ այրող բան մը կար: Բորբոքող, անկասելի, ձգող բան մը: Թուխ, լայնաշուրթ, լարուած, զգայուն: Խոշոր աչքերուն մէջ՝ մշտական անհանգստութիւն: Մշտասեւեռ վիճակ: Եւ իրաւամբ Պարոյր Սեւակը այդպէս ալ գաղտնիք մնաց:
Ծնած է 1924 թուականի Յունուար 24-ին Արարատի մարզի Չանախչի (այժմ՝ Զանգակատուն) գիւղը։ Նորածինին կնքահայր եղած է համագիւղացի Մատոյենց Խաչատուրը՝ այգեգործ մարդ մը։ Ան նորածինի անունը Պարոյր դրած է ի պատիւ նոյնանուն սպայի, որուն զինուորը եղած է ինքը՝ կնքահայրը։
Ըլլալով ծնողներու միակ որդին՝ Պարոյրը մանկութենէն մշտապէս զգացած է անոնց հոգատարութիւնն ու փայփայանքը։ Պարոյրի մէջ պատուաստած էին նուիրուածութիւն հարազատներու հանդէպ, արիւնակցական կապի սրբազան զգացում, անկեղծ ու ջերմ սէր շրջապատի մարդկանց, յատկապէս մօր հանդէպ։ Ահա թէ ի՛նչ կը գրէ բանաստեղծը գրառումներու ծոցատետրի մը մէջ իր մօր՝ Ազիի (այդպէս կը կանչէր) մասին․ «Իմ մայրը մի կին էր, որի համար դժբախտութեան հասկացողութիւնը անհասկանալի մնաց ամբողջ կեանքում։ Ամբողջ կեանքում նա իրեն դժբախտ է համարել, այդքանով էլ, իսկապէս, դժբախտութիւնը՝ ահաւոր ճշդութեամբ ապրելուց հեռու մնալով։ Նրա համար դժբախտութիւն էր՝ խոտը ուշ դիզելը, թէյի գդալների պակասը, աման ջարդուելը, պարանի կորչելը։ Բանաստեղծական հոգի էր նա, աշխարհը ողբերգականօրէն վերապրող, անհանգիստ, անյագ հոգի, որքան, ի հարկէ, զօրում էր նրա գեղջկական՝ պարզ, ոչնչով չաղարտուած արտաքին էութիւնը։ Ես նրանից ժառանգել եմ չափազանց շատ, այնքան շատ, որ մեծագոյն մասով փոխարկուել է ուղիղ հակադրութեան»։
Պարոյր Սեւակը մահացած է 1971 թուականի Յունիս 17-ին արկածի հետեւանքով։ Իր մեքանան բախած է գիւղական ճանապարհով անցնող կաթ տեղափոխող մեքենայի հետ։
Գրողի մահուան մասին կան իրարամերժ վարկածներ։ Ըստ վարկածներէն մէկուն` Սեւակը մեքենայ վարել չէր գիտեր, բայց այդ օրը պէտք է Երեւան գար՝ իր զոքանչի քառասունքին ներկայ գտնուելու համար։ Սեւակի վարորդը հրաժարած է մեքենան վարել` պատճառաբանելով, որ գործեր ունի։ Սեւակը ինքը որոշած է վարել ու իր կնոջը՝ Նելլի Մենաղարաշվիլիին ըսած է, որ եթէ մեքենան կարենայ դուրս բերել կանգառէն, ապա ճամբայ կ’ելլեն: Կինը նստած է Սեւակի կողքին, իսկ երկու որդիները` մեքենայի յետնամասը։ Սեւակի մեքենան բախած է հայրենի գիւղէն 8 քմ հեռաւորութեան վրայ, որուն պատճառով մահացած են Սեւակն ու իր կինը:
Այսօր Սեւակի ստեղծագործութիւններէն թէկուզ մէկը կարդալով կը մտնես իր աշխարհը, իսկ երբ կ’այցելես այն վայրը, ուր ան ստեղծագործած է, կը սկսիս ապրիլ, շնչել ու մտածել իրեն պէս: Այցելելով Հայաստանի Հանրապետութեան Արարատի մարզի Զանգագատուն գիւղը դուք ալ կը դառնաք իր մէկ մասնիկը: Սեւակի տուն-թանգարանը կը գտնուի է գրողի ծննդավայրը՝ Զանգակատուն գիւղը: Բացուած է Պարոյր Սեւակի ողբերգական մահուան տասնամեայ տարելիցի օրը՝ 1971 թուականի Յունիս 17-ին: Թանգարանը կառուցուած է Սեւակի հայրենի տան կողքին, այգիի մէջ։ Նախագիծի հեղինակն է ճարտարապետ Ճիմ Թորոսեանը: Թանգարանի նախասրահ-դահլիճին մէջ ցուցադրուած են բանաստեղծի կեանքի ու ստեղծագործական տարբեր փուլերուն վերաբերող ցուցանմուշներ՝ անձնական իրեր, վաւերագիրեր, ձեռագիրերու պատճէններ, գրառումներ, տարբեր լեզուներով հրատարակութիւններ։ Թանգարանը կը պահպանուին շուրջ 700 ցուցանմուշներ եւ 1000-է աւելի գրականութիւն։ Ցուցասրահին մէջ ներկայացուած են Սարգիս Մուրադեանի՝ 1985–1986 թուականներուն կատարած մեծադիր, խորհրդապաշտութեամբ յագեցուած որմնանկարները։
Տուն-թանգարանի բակին մէջ, այգիի կեդրոնը կը գտնուի Պարոյր Սեւակի գերեզմանը։ Գերեզմանաքարի վրայ փորագրուած է նաեւ կնոջ՝ Նելլի Մենաղարաշվիլու անունը։ Թանգարանէն ներս յաճախ կը կազմակերպուին սեւակեան բանաստեղծութեան օրեր, ընթերցումներ, բանաստեղծութեան ձայնագրութիւններ՝ նոյնինքն բանաստեղծի ընթերցումով։
«Զարթօնք»-ի պտոյտները այս շաբաթ մեզ հասցուցին Արարատի մարզի Զանգագատուն գիւղը, եւ մեր հարցերուն սիրով պատասխանեց թանգարանի տնօրէն Աւետիք Գրիգորեանը:
«Զ.» – Պարոն Գիրգորեան, ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ հիմնադրուած է թանգարանը: Ո՞վ եղած է թանգարանի ճարտարապետը:
«Ա. Գ.» – Պարոյր Սեւակի եղերական մահէն ետք ՀՍՍՀ կառավարութիւնը որոշում ընդունեց հայրենի գիւղին մէջ տուն-թանգարան հիմնել: Քանի որ բանաստեղծին ծնողները կ’ապրէին իր կառուցած տունը, ուստի որոշուեցաւ առանձնատան մօտ հարեւանութեամբ կառուցել յուշ-թանգարան: Նախագծելը յանձնարարուեցաւ անուանի ճարտարապետ Ճիմ Թորոսեանին, նախագծման աշխատանքները յանձն առաւ Ճիմ Թորոսեանի արուեստանոցի ճարտարապետ Ռոմիկ Մարտիրոսեանը: Աշխատանքները աւարտեցան 1978-ին, իսկ թանգարանի բացումը տեղի ունեցաւ տասնամեայ տարելիցի օրը՝ 1981-ի Յունիս 17-ին: Թանգարանը ընդգրկուած է Զանգակատունի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ:
«Զ.» – Ի՞նչ կարելի է տեսնել թանգարանը, ի՞նչ սրահներու մէջ ամփոփուած է թանգարանի մշտական ցուցադրութիւնը: Որո՞նք են բանաստեղծի յուշերը պահող իրերը:
«Ա. Գ.» – Թանգարանը բաղկացած է ուղղանկիւն սրահէ մը (6 * 25), ուր բանաստեղծէն մնացած անձնական իրերու (անձնական օգտագործման պարագաներ, իրեր, հագուստ, գրենական պիտոյքներ) գիտաօժանդակ նիւթերի միջոցով ներկայացուած է Պ. Սեւակի կեանքը, տարեգրութիւնը, բանաստեղծական նկարագիրը: Սրահի վերջաւորութեան, առանձին հարթակի վրայ վեարտադրուած է Երեւանի մէջ ունեցած իր բնակարանի այն սենեակը, որ բանաստեղծին համար ծառայած է որպէս աշխատասենեակ: Թանգարանի դիմահայեաց պատին, ողջ մակերեսով անուանի նկարիչ Սարգիս Մուրադեանը կատարած է որմնանկարներ, որոնց մէջ վրձինի լեզուով ան իւրովի ներկայացուցած է բանաստեղծի կեանքն ու ստեղծագործական նկարագիրը: Տարիներու ընթացքին որմնանկարները տանիքի անբարւոք վիճակի պատճառով մասնակի վնասուած են, այժմ թէ՛ տանիքը նորոգուած է, թէ՛ որմնանկարներու վնասուած մասերը վերականգնուած են:
«Զ.» – Ի՞նչ միջոցառումներ իրականացուած են ու կ’իրականացուին թանգարանին մէջ: Ի՞նչ բնոյթ կը կրեն անոնք: Գիտահետազօտական ի՞նչ աշխատանքներ կը ներկայացնէ թանգարանը:
«Ա. Գ.» – Թանգարանին մէջ տարուան ընթացքին կը կազմակերպուին տարաբնոյթ միջոցառումներ՝ կապուած ծննդեան, մահուան օրերու հետ, կապուած թանգարաններու միջազգային օրուան թեմատիկայի հետ: Թանգարանի սրահին մէջ տեղի կ’ունենան գիտական ընթերցումներ, դասախօսութիւններ, ասմունքի փառատօններ, աշակերտներու հետ տեղի ունեցող կրթադաստիարակչական միջոցառումներ:
Թանգարանը բնականաբար կը կատարէ նաեւ գիտական, գիտահետօզատական աշխատանքներ: Տարիներու ընթացքին թանգարանի այդ աշխատանքներուն արդիւնքով (Արմէն, Սեւակ Ղազարեաններ) խմբագրուեցան եւ հրատարակութեան պատրաստուեցան Պ. Սեւակի գիտական անտիպ աշխատութիւնները, «Ամանէջ» անաւարտ վէպը հայրենի գիւղին մասին: Այդ աշխատանքները կը շարունակուին բանաստեղծութիւններու անտիպ չափածոյ իմաստով:
«Զ.» -Ի՞նչ վիճակի մէջ է այսօր այն յայտնի լացող ուռենին, որ հայ մեծ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակը տնկած է հայրական տան բակին մէջ:
«Ա. Գ.» – Որքան գրչի հանճարեղ մշակ էր Պարոյր Սեւակը, նոյնքան ալ հողի տարփածու: Իր պապերուն անմշակ, վայրի առապարի շարունակութիւնը կազմող պապենական հողը օրն ի բուն տքնաջան աշխատանքի շնորհիւ վերածուեցաւ հրաշք այգիի: Հողամասի հիւսիսային կողմը մահէն մէկ տարի առաջ տնկեց լացող ուռենիի շիւ մը, որ հետագային փառահեղ մեծութեան ծառ դարձաւ:
«Զ.» – Որո՞նք են թանգարանի բարեկամներն ու բարերարները: Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք սփիւռքի հետ:
«Ա. Գ.» – Թանգարանը կը վայելէ ամբողջ հայութեան սէրը եւ չեն դադրիր ուխտագնացութիւնները թէ՛ արտերկրէն, թէ՛ մեր հայրենիքի տարբեր անկիւններէն: Շատերը իրենց նպաստը կը բերեն թանգարանի այս կամ այն կարիքները հոգալու նպատակով: Սիրով կը նշենք անոնց անունները, որոնք նպաստած են թանգարանի աշխատանքներուն`Հրաչ Խանսանամեան, Ասատուր Գէորգեան, Մուշեղ Կիւլպենկեան, Արքատի Մովսիսեան, Ալլա Յակոբեան: Յատկապէս մեծ ու անուրանալի է Արքատի Մովսիսեանի եւ Ալլա Յակոբեանի ընտանիքի ներդրումը: Թանգարանի աշխատանքներուն իր շարունակական նպաստը կը բերէ Հրաչ Խանսանամեանը, որ կ’արձագանգէ թանգարանի աշխատանքային տարաբնոյթ խնդիրներու լուծման: Ան կը կազմակերպէ ասմումքի փառատօններ եւ յաղթողները կ’ոգեւորէ աշխոյժ հանգիստի ուղեգիրերով, կը հովանաւորէ թանգարանին մէջ տեղի ունեցող միջիցառումները:
Ցաւօք, համագործակցութեան առաջարկներ չենք ստացած սփիւռքահայ մեր մտաւորականներէն: Յուսանք, որ այս հարցազրոյցէն ետք մեր սփիւռքահայ հայրենակիցներուն մօտ ցանկութիւն կը յառաջանայ բազմաբնոյթ համագործակցութեան իմաստով:
«Զ.» – Սեւակի ձգածը անգնահատելի է ու շատ, բայց տարաւ իրեն հետ անհամեմատ աւելին: Սեւակը ժողովուրդի ծնունդն էր, անոր հոգիի պահանջը, անոր յոյզերուն երգիչը: Պարոյրը քաղաքացի էր, մեծ հայ: Կը հաւատամ, որ ամէն հայ եւ օտարազգի անոր բանաստեղծութեան մէջ իր յոյզերուն լարը կը գտնէ: Իսկ բանաստեղծի տուն-թանգարանը սիրով կը սպասէ բոլոր այցելուներուն, որպէսզի ծանօթացնէ Սեւակի կեանքին ու գործունէութեան: Թանգարանը կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան Արարատի մարզի Զանգակատուն համայնքի
Պարոյր Սեւակի փող. 1-ին փակուղի, 1 տուն հասցէի վրայ:
Հեռ.` +374-94-034448
Էլ փոստ` sevakmuseum@gmail.com