Ուրբաթ, 06. 03. 2026

spot_img

Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարանի Շրջանաւարտները Աւարտական Վկայականներ Ստացան

Երուսաղէմի Սրբոց թարգմանչաց երկրորդական վարժարանի շրջանաւարտներուն հանդիսաւոր պայմաններու մէջ աւարտական վկայականներ յանձնելը եւ հիւրասիրութիւն կազմակերպելը Երուսաղէմի Հայ երիտասարդաց միութեան կողմէ աւանդոյթ  դարձած է:

Յունիս 21-ին տասը շրջանաւարտներու համար տեղի  ունեցած է հերթական նախաձեռնութիւնը, որուն ներկայ  եղած են ՌԱԿ Երուսաղէմի շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Շոհմելեան, Երուսաղէմի Հայ երիտասարդաց միութեան նախագահ Յակոբ Փանոսեան, շրջանային վարչութեան եւ միութեան անդամներ, ուսուցիչներ, նախկին շրջանաւարտներ, ծնողներ եւ այլ հիւրեր: Տօնական ճաշկերոյթին հրաւիրուած  եղած են նաեւ օտար վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, աշակերտներուն նաեւ յուշանուէրներ  յանձնուած են, ներկաները անոնց ուսումնառութիւնը աւարտելու առիթով շնորհաւորած են, բարի երթ, լուսաւոր ապագայ մաղթած կեանքի նոր շրջափուլին մէջ` յորդորելով հետագային լաւ մարդ դառնալ` ստացած գիտելիքներով Հայաստանին օգտակար  ըլլալու համար:

Ջերմ մթնոլորտի մէջ աշակերտները շնորհակալութիւն  յայտնած են միութեան` ձեռնարկի կազմակերպման համար եւ վստահեցուցած` երբեք չմոռնալ վարժարանէն ներս անցուցած հայաշունչ օրերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին