Ուրբաթ, 06. 03. 2026

spot_img

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը Անգլիոյ Արքայազն Ուիլիըմին Հայկական Խաչ Նուիրած Է

Յունիս 28-ին Երուսաղէմ պաշտօնական այցով գտնուող Անգլիոյ արքայազն Ուիլիըմը այցելած է Ս. Յարութեան Տաճար, ուր անոր  դիմաւորած են իրաւատէր երեք համայնքներու հոգեւոր պետերը:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ՝ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը ներկայացուցած է Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ գերշ. Տ. Սեւան արք. Ղարիբեանը:

Սուրբ  Յարութեան տաճարին մէջ Ս. Արեւմաթացու հայկական մատուռ այցի ընթացքին Անգլիոյ արքայազնին բարի գալուստի խօսք ըսած է  տաճարի հայ տեսուչ  հոգշ. Տ. Սամուէլ ծայրագոյն վարդապետ Աղոյեան եւ պատրիարքարանի անունով անոր հայկական խաչ նուիրած է:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին