Ուրբաթ, 06. 03. 2026

spot_img

Ասիկա Ո՛չ Թէ Պետութիւն Է, Այլ Մաֆիա. Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Մասին

Քրտամէտ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան (HDP-ԺԴԿ) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան արձագանգած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուի այն սպառնալիքներուն, որոնք ուղղուած էին իրենց կուսակցութեան եւ համանախագահ Փերուին Պուլտանին:

Սոյլուի սպառնալիքներուն մասին յայտնած էր նոյնինքն Պուլտանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ermenihaber.am»-ը։

Փայլան թուիթըրի իր էջին կատարած է հետեւեալ արձանագրութիւնը.

«Եթէ պետութեան նախարարը իր մաֆիոզ բերանով կը սպառնայ իր մեծութեամբ Թուրքիոյ երրորդ կուսակցութեան, ուստի կրնանք ըսել, որ ասիկա ո՛չ թէ պետութիւն է, այլ մաֆիա»:

Յիշեցնենք, որ Սուլէյման Սոյլուն սպառնացած էր, թէ Թուրքիոյ Աղրը բնակավայրին մէջ քարը քարի վրայ չի ձգեր, ինչպէս եղած է Սուրի, Նուսայպինի եւ Ճիզրէի մէջ քիւրտ զինեալներու դէմ ռազմական գործողութիւններուն ժամանակ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին