Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

«Սարդարապատէն Արցախ» Խորագիրով Համահայկական Շարադրութեան Եւ Նկարչութեան Մրցոյթներու Արդիւնքները Յայտարարուեցան

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած 2018-ի ձեռնարկներու ծրագիրի ծիրէն ներս կրթութեան եւ գիտութեան,  սփիւռքի նախարարութիւններու եւ Երեւանի քաղաքապետարանի հետ համատեղ կազմակերպուած «Սարդարապատէն Արցախ» խորագիրով համահայկական շարադրութեան եւ նկարչութեան մրցոյթներու ամփոփման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Յունիս 27-ին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ըմրցոյթներուն մասնակցած են Հայաստանի, Արցախի հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու եւ Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու սաներ:

Աշխարհի 27 երկրի հայկական կրթօճախներու դպրոցականները ներկայացուցած էին 230 աշխատանք` 123 շարադրութիւն եւ 107 նկար: Մրցութային յանձնաժողովները   ներկայացուած հարիւրաւոր աշխատանքներէն ընտրած  են 20-ական  մրցանակային  լաւագոյնները`  Հայաստանէն, Արցախէն  եւ սփիւռքէն, որոնք ընդգրկուած են  «Սարդարապատէն  Արցախ: Շարադրութիւններ, նկարներ» ժողովածուին մէջ:  Յաղթող  ճանչցուած դպրոցականներուն ողջունեց կրթութեան եւ գիտութեան  նախարարի  տեղակալ      Արեւիկ Անափիոսեան: Ան մեծ գովեստով խօսեցաւ երեխաներու  ստեղծագործական  աշխատանքներուն մասին,որոնց ոգեշնչման աղբիւրն էր հայ ժողովուրդին համար պատմական խոշոր նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւններու յոբելենական 100-ամեակը:

Հանդիսաւոր ձեռնարկին կը մասնակցէին մրցանակակիրներ Իրանէն, Լիբանանէն եւ Քուէյթէն:

Կից «Հայերն այսօր»-ը  կը ներկայացնէ «Սարդարապատէն Արցախ» խորագիրով համահայկական շարադրութեան եւ նկարչութեան մրցոյթներու մրցանակակիր սփիւռքահայ դպրոցականներուն:

Շարադրութիւն

  1. Քէօշկերեան Գառնի, Լիբանան, Պէյրութ
  2. Զատիկեան Նուշիկ, Լիբանան
  3. Մակարեան Կարինէ, Վրաստան, Ախալքալաք
  4. Նազարեան Նոյ, Իրան, Թեհրան
  5. Քէշիշեան Հայարփի, Իրան, Թեհրան
  6. Պապողլեան Կարապետ, Գանատա
  7. Սալխանեան Վարդի, Լիբանան

Նկարներ

  1. Քահքէճեան Քրիսթինա, Քուէյթ
  2. Մանուէլեան Կարէն, Քուէյթ
  3. Ատուրեան Շաղիկ, Քուէյթ
  4. Գուզույեան Յովիկ, Քուէյթ
  5. Կենջոյեան Մարիելլա, Քուէյթ
  6. Մովսէսեան Մարիանա, Քուէյթ
  7. Ռոստոմեան Քարոլին, Իրան, Թեհրան
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին