Ուրբաթ, 06. 03. 2026

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան Ժողովին

15-էն 22 Յունիս 2018-ին Զուիցերիոյ Ժընեւ եւ Պօսէ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին նշուեցաւ ԵՀԽ-ին 70-ամեակը եւ ճշդուեցաւ խորհուրդին 11-րդ համաժողովի թեման ու վայրը։ Այս ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ հոգշ. Տ. Հրանդ վրդ. Թահանեան, Զուիցերիոյ մէջ մեր Ս. Աթոռին միջեկեղեցական յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ Տիկ. Թենի Սիմոնեան եւ Եկեղեցիներու  համաշխարհային խորհուրդի Միջին Արեւելքի պատասխանատու Տիկ. Գարլա Խիճոյեան։

Համաժողովին նիստերէն մէկը նուիրուած էր ԵՀԽ-ին պատմութեան, գործունէութեան եւ կարեւորագոյն փուլերուն։ Այս առիթով ցուցադրուած վաւերագրական ժապաւէնը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ունեցած կարեւոր ներդրումին եւ դերակատարութեան ԵՀԽ կեանքէն ներս։ Նշենք, որ Նորին Սրբութիւնը առաջին երիտասարդ, ուղղափառ եւ վերընտրուած ատենապետը եղած է ԵՀԽ-ի պատմութեան մէջ։

Համաժողովը իր նիստերը աւարտեց 22 Յունիսին: Նոյն օրը Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւն մը տուաւ ԵՀԽ կեդրոնը։

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին