Յուլիս 9-ին՝ ժամը 18:30-ին, «Նարեկացի» արուեստի միութեան կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ մանկավարժ, նկարիչ, ձեւաւորող Հերիքնազ Խաչիկեանի՝ «Հայկական պար» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին աշխատանքներ` հայկական կիրառական արուեստի վերականգնուած դդմարուեստ ճիւղէն, ինչպէս նաեւ գործուածքներու քանի մը տեսակներ (կոպելէն, գորգ, կարպետ):
Ցուցահանդէսին ընթացքին երաժշտական համարներով հանդէս պիտի գան Ռուզաննա Ղարաջեանն ու Մերի Քարտաշեանը:
Հերիքնազ Խաչիկեան այժմ կ’ուսանի ՀՊՄՀ մագիստրոսի աստիճանի համար` գեղարուեստական կրթութեան բաժանմունքի կերպարուեստի բաժինին մէջ. մասնակցած է շարք մը անհատական եւ խմբակային ցուցահանդէսներու:
Մուտքը ազատ է:
Հեռ. +374 10 580105
www.naregatsi.org