Ուրբաթ, 06. 03. 2026

spot_img

Հայկական Զինուժը Թոյլ Չէ Տուած Ազրպէյճանցիներուն Նախիջեւանի Ուղղութեամբ Դիրքային Ամրապնդման Աշխատանք Կատարել. Տեղի Ունեցած Է Փոխհրաձգութիւն

Ազրպէյճանական զինուած ուժերը Նախիջեւանի ուղղութեամբ որոշ տեղամասերու մէջ փորձած են դիրքային ամրապնդման աշխատանքներ իրականացնել, ինչին ի պատասխան ՀՀ ԶՈւ-երը կրակ բացած են ու թոյլ չեն տուած հակառակորդին կատարել իր խնդիրը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը: 

«Երէկ երեկոյեան եւ այսօր առաւօտեան ազրպէյճանական ԶՈւ-երը Նախիջեւանի ուղղութեամբ որոշ տեղամասերու մէջ փորձած են դիրքային ամրապնդման աշխատանքներ իրականացնել, ինչին ի պատասխան ՀՀ ԶՈւ-երը կրակ բացած են ու թոյլ չեն տուած հակառակորդին կատարել իր խնդիրը: Հայկական կրակէն ամբողջութեամբ աւերուած ու այրած է հակառակորդի դիրքերէն մէկը: Փոխհրաձգութեան ընթացքին թեթեւ (աննշան) վիրաւորում ստացած է ՀՀ ԶՈՒ-երու պայմանագրային զինծառայող, 1974-ի ծնունդ Վահագն Սամուէլ Պաղտասարեանը»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ կը տեղեկացնէ Յովհաննիսեանը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին