ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեան ուղերձ յղած է Անյայտ կորած ազատամարտիկներու յիշատակի օրուան առիթով: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրային կապերու վարչութենէն:
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Այսօր Հայաստանի, Արցախի թէ Սփիւռքի մէջ մենք գլուխ կը խոնարհենք հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան մարտերուն անյայտ կորած ազատամարտիկներու, զինուորներու եւ սպաներու անմահ յիշատակին առջեւ:
Իմ զօրակցութիւնս կը յայտնեմ եւ մխիթարանքի խօսք կ’ուղղեմ անոնց հարազատներուն ու մերձաւորներուն:
Ճեղքուած ռազմաճակատներու վրայ մղուող ճակատագրական մարտերուն անյայտ կորած մարտիկները դարձան հաւաքական սխրանքի խորհրդանիշներ: Հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու իրաւունքը պաշտպանելու ատեն անոնք, արդարեւ, գիտակից կերպով թանկ գին վճարեցին, բայց փոխարէնը սերունդներուն ազատ ու պաշտպանուած հայրենիք աւանդեցին: Անոնց սխրանքը անմահ է եւ կ’ապրի բոլորիս սրտերուն մէջ:
Անյայտ կորած ազատամարտիկու յիշատակի օրը մեզի համար միայն թանկ յիշողութիւններու եւ անդառնալի կորուստի ցաւը կրկին վերապրելու օր չէ, այլ նաեւ Հայաստանի ու հայկական բանակի հետագայ հզօրացման համար իւրաքանչիւրիս ունեցած պարտքի մասին յիշելու օր է: Եւ այդ պարտքի անշահախնդիր կատարումը իրական յարգանքն է անյայտ կորած ազատամարտիկներու եւ հայրենիքի համար նահատակուածներու պայծառ յիշատակին հանդէպ:
Յաւերժ փառք անոնց»,- ըսուած է ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Պապլոյեանի ուղերձին մէջ:






