Կիրակի, 01. 02. 2026

spot_img

Հայ Աւետ. Գոլէճի Մանկապարտէզի Հանդէս

Չորեքշաբթի,13 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի ունեցաւ Հայ Աւետ. գոլէճի մանկապարտէզի հանդէսը:

Հանդիսասրահը վերածուած էր հեքիաթային անտառի մը. գեղեցկօրէն

յարդարուած բեմը արդէն իսկ ներկաները կը փոխադրէր դէպի բնութեան

գեղեցիկ աշխարհը:

Լիբանանի ու Հայաստանի զոյգ քայլերգերուն ունկնդրութենէն ետք, մանկապարտէզի աշակերտները իրենց դողդոջուն ձայներով, սաղմոսով ու երգերով օրհնեցին ու փառաբանեցին զԱստուած:

Յաջորդաբար բեմ բարձրացան բողբոջ, կոկոն ու ծաղիկ դասարանի աշակերտները, որոնք ծաղիկներու, մեղուներու ու թիթեռնիկներու կերպարներով  կենդանացուցին բեմը ու իրենց երգերով, պարերով ու արտասանութիններով խանդավառեցին ներկաները:

Ապա մանկապարտիզպանուհի Յասմիկ Թորոսեան բեմ հրաւիրեց

գոլէճի տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանը, որ հաստատեց, թէ մանկապարտէզը դպրոցին սիւնն է, դպրոցական կեանքի երանութեան բաժինը, ուրկէ բոլորս անցած ենք հաճելի յիշատակներ պահելով մեր մէջ: Ան նշեց, թէ հայերս մանկապարտէզի դասարանները անուանած ենք ծիլ, բողբոջ, կոկոն եւ ծաղիկ արտայայտիչ բառերով: Հայերէնը ծաղիկ արմատով ունի 328 բառ, որոնց կենդանի օրինակներն են ահաւասիկ մեր սիրասուն աշակերտները: Տնօրէնը իր խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտիզպանուհիին, մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին ու ծնողներուն, որոնք հաւատալով Հայ Աւետարանական գոլէճի կրթական դաստիարակութեան ու դաւանած արժէքներուն, իրենց մատղաշ զաւակները վստահած են անոր: Ան գնահատեց աշակերտները, ուսուցչուհիները եւ ծնողները  իրենց ցուցաբերած աշխատանքին ու գործակցութեան համար:

Հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում: Հուսկ, վերապատուելի Հրայր Չոլագեանի աղօթքով վերջ գտաւ հանդէսը:

Հայ Աւետ. գոլէճի 95-ամեակը խորհրդանշող կարկանդակին հատումէն ետք, ներկաները շնորհաւորեցին վկայական ստացող աշակերտները:

Վկայական ստացան.- Կարէն Թերզեան, Սեւակ Ինճէեան, Նաթալի Նասիֆ, Վանի Նորշահեան, Ճիովանի Սալպաշեան, Լունա Քէշիշեան, Նարի Քէօշկէրեան եւ Ռաֆայէլ Ֆրանսիս:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին