ԵԽԽՎ ամառնային նստաշրջանի ընթացքին վեհաժողովի կանոնակարգի հարցերու յանձնաժողովը շարունակեց կաշառակերութեան վերաբերեալ զեկոյցի բացայայտումներու շուրջ իր աշխատանքը: ՀՀ ազգային ժողովի փոխնախագահ, ԵԽԽՎ-ի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ մասնաւորաբար գրած է, որ յանձնաժողովը պատժամիջոցներ սահմանեց զեկոյցին մէջ նշուած պատգամաւորներու հանդէպ՝ տարանջատելով ներկայ եւ նախկին պատգամաւորները:
«Ինչպէս աւելի կանուխ տեղեկացուցած էի, ԵԽԽՎ-ի կողմէ ստեղծուած հետաքննող անկախ մարմինը վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանի ընթացքին ներկայացուց ԵԽԽՎ-ի մէջ կաշառակերութեան գործընթացներուն վերաբերեալ իր զեկոյցը։ Զեկոյցին անյապաղ անդրադարձաւ վեհաժողովի կանոնակարգի հարցերու յանձնաժողովը։ ԵԽԽՎ ամառնային նստաշրջանի ընթացքին վեհաժողովի կանոնակարգի հարցերու յանձնաժողովը շարունակեց կաշառակերութեան վերաբերեալ զեկոյցի բացայայտումներու շուրջ իր աշխատանքը։ Յանձնաժողովը մասնաւորաբար սահմանեց պատժամիջոցներ զեկոյցին մէջ նշուած պատգամաւորներուն հանդէպ՝ տարանջատելով ներկայ եւ նախկին պատգամաւորները: Դիտարկուեցան նախկին 14 պատգամաւորի գործերը, որոնց շարքին են՝ Ակուսթին Քոնտէն, Ալան Տեսթեկսը, Լուքա Վոլոնթէն, Քարին Շթրենցը, Էլխան Սուլէյմանովը, Կորան Լինտպլատը, Տադէուշ Իվինսքին եւ այլոք»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ նշած է Արփինէ Յովհաննիսեանը:
Ան տեղեկացուցած է, որ իւրաքանչիւր պատգամաւորի դէպքը ուսումնասիրելէ եւ իւրաքանչիւր պատգամաւորի կողմէ կանոնակարգի խախտման աստիճանը որոշելէ ետք, յանձնաժողովը սահմանեց հետեւեալ պատժամիջոցները՝ պատուաւոր անդամի կոչումէ զրկում, Եւրոպայի խորհուրդ եւ խորհրդարանական վեհաժողով մուտք գործելու իրաւունքէ ընդմիշտ զրկում:
Յանձնաժողովը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները այս ուղղութեամբ եւ հետամուտ պիտի ըլլայ կաշառակերութեան վերաբերեալ զեկոյցի իւրաքանչիւր բացայայտման:






