Ռուսիա բնակող հայ բարերար Սերկէյ Սարգիսով անձնական նախաձեռնութեամբ ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նուիրաբերած է դպրոցական փոխադրակառք: Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է ԱՀ ԿԳՄ նախարարի մամլոյ խօսնակ Ծովինար Բարխուդարեան:
Ան նշած է, որ փոխադրակառքը պիտի ծառայէ դպրոցականներուն, մասնաւորապէս, ճանաչողական պտոյտներու համար:
Ան նաեւ նշած է, որ նոյն նպատակին համար շուտով այլ հանրակառք պիտի պիտի տրամադրուի ԱՀ ԿԳՄ նախարարութեան:






