Երեքշաբթի, 03. 03. 2026

spot_img

Նոր Հայաստանը Պէտք Է Հզօր Երկիր Ըլլայ. Արմէն Սարգսեան

Եռօրեայ այցով ԱՄՆ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Յունիս 26-ին մասնակցած է ԱՄՆ ծերակոյտի Տըրքսէն մասնաշէնքին մէջ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ընդունելութեան: ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի ու Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի համատեղ ջանքերով կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութիւնը եզրափակած է ԱՄՆ Արեւելեան ափին կազմակերպուած՝ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու շարքը: Այս մասին, ինչպէս կը փոխացնէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմէն:

Միջոցառումին Հանրապետութեան նախագահը հանդէս եկած է ելոյթով, ուր մասնաւորապէս անդրադարձած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան դերին ու նշանակութեան, կարեւորած է Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններն ու անոնց խորացման անհրաժեշտութիւնը, խօսած է հզօր ու զարգացած երկիր ունենալու մասին, որով աշխարհի բոլոր հայերը հպարտ զգան իրենք իրենց:

«Մեր այսօրուայ ուղերձը յստակ է: Մենք պէտք է յաղթենք: Մենք ոչ միայն կարող ենք նոր Հայաստան կառուցել, այլեւ, որով բոլորս հպարտ կը լինենք ու աշխարհում մեզ հպարտ կը զգանք, որ հայ ենք»,- մասնաւորապէս նշած է նախագահը:

Ընդունելութեան մասնակցած են ամերիկահայ համայնքի` ԱՄՆ տարբեր ծայրերէն ժամանած մի քանի հարիւր անդամներ, ԱՄՆ քոնկրեսի ու ծերակոյտի անդամներ, ԱՄՆ վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին