Հայաստանի մէջ 2018 Մայիսին, Ապրիլ ամսուան համեմատութեամբ, տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը աճած է 10.4%-ով: Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն՝ նոյն ժամանակահատուածին արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը աճած է 13.3%-ով:
Մայիսին աճած է նաեւ գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի ծաւալը՝ մօտ 42%-ով, շինարարութեան ծաւալը՝ 2.4%-ով, առեւտուրի շրջանառութիւնը՝ 12.1%-ով:
Մէկ ամսուան ընթացքին աննշան՝ 0.1%-ով, աճած է նաեւ միջին ամսական անուանական աշխատավարձը:
Հաշուետու ժամանակահատուածին 5%-ով նուազած են արտահանման ծաւալները, իսկ ներմուծման ծաւալները աճած են մօտ 12%-ով: