Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Համաշխարհային դրամատան Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային տնօրէն Մերսի Թեմպօնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետը կարեւորած է ՀՀ կառավարութեան եւ Համաշխարհային դրամատան աշխոյժ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող դրական փոփոխութիւնները հնարաւորութիւն կու տան երկկողմ փոխգործակցութեամբ իրականացնելու նոր ծրագիրներ: Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն ու տարբեր ոլորտներէն ներս նախատեսուող բարեփոխումներուն, զորս ուղղուած են կաշառակերութեան, մենաշնորհներու դէմ պայքարին, տնտեսութեան զարգացման, առեւտրական միջավայրի բարելաւման եւ այլն: Գործադիրի ղեկավարը ընդգծած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը շահագրգռուած է այս ուղղութիւններով Համաշխարհային դրամատան հետ համագործակցութեան ընդլայնմամբ:
Մերսի Թեմպօնը շեշտած է, որ Համաշխարհային դրամատունը պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերել կառավարութեան ծրագիրներու իրականացման ու Հայաստանի տնտեսութեան կարեւոր ոլորտներու զարգացման: ՀԴ տարածաշրջանային տնօրէնը ողջունած է ՀՀ նոր կառավարութեան՝ էական փոփոխութիւններ իրականացնելու ծրագիրներն ու աւելցուցած, որ ՀԴ-ն պատրաստ է ներգրաւուիլ Հայաստանի հետագայ զարգացման ռազմավարական տեսլականը մշակելու եւ ձեւաւորելու աշխատանքներուն մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են ՀՀ-ՀԴ փոխգործակցութեան զարգացման վերաբերող շարք մը հարցեր: