Երեքշաբթի, 03. 03. 2026

spot_img

ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Համաձայնագիրի Վաւերացումը Պէտք Է Արագացուի. Եւրանեսթ ԽՎ

Եւրանեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստին 41 կողմ, 5 դէմ, 5 ձեռնպահ ձայներով ընդունուած է ՀՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, կառոյցին մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Արմէն Աշոտեանի նախաձեռնութեամբ եւ պատուիրակութեան կողմէ ներկայացուած հրատապ բանաձեւը: Վերջինս կը վերաբերի ԵՄ անդամ պետութիւններու ազգային խորհրդարաններուն մէջ ՀՀ-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացումին: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրային կապերու վարչութենէն:

Հրատապ բանաձեւը, վկայակոչելով 2018 թուականին ՀՀ Ազգային ժողովի կողմէ ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի վաւերացումը՝ որպէս վերահաստատում Հայաստանի յանձնառութեան՝ ԵՄ-ի հետ աւելի ռազմավարական եւ յաւակնոտ յարաբերութիւններու, կոչ կ’ընէ ԵՄ անդամ պետութիւններու ազգային խորհրդարաններուն առանց անհարկի յետաձգումներու վաւերացնել համաձայնագիրը:

Բանաձեւը կը կարեւորէ ՀՀ-ԵՄ համաձայնագրի վաւերացումը մինչեւ Եւրոպական խորհրդարանի 2019 թուականի ընտրութիւնները: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին