Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին, որուն մասնակցած են իրաւապահ մարմիններու ղեկավարները, քննարկուած է կաշառակերութեան դէմ պայքարի ընթացքը: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
«Այսօր, կարծում եմ՝ Հայաստանում կոռուպցիայի դէմ պայքարն ամենաշատը քննարկուող թեման է եւ այդ ուղղութեամբ լուրջ ակտիւութիւն կայ իրաւապահ մարմիններու եւ կառավարութեան կողմից: Դա բնական է, որովհետեւ կոռուպցիայի դէմ պայքարը յայտարարել ենք կառավարութեան կարեւոր առաջնահերթութիւններից մէկը: Այս գործընթացի համատեքստում պէտք է շատ խստօրէն հետեւել օրինականութեանը, մարդու իրաւունքների պաշտպանութեանը, մարդու իրաւունքները յարգելուն, որպէսզի իրաւապահ մարմինների գործողութիւնների հետ կապուած որեւէ այլ մեկնաբանութիւն չլինի: Մենք երբ Հայաստանում բացել ենք կոռուպցիայի դէմ պայքարի էջը, միեւնոյն ժամանակ փակել ենք քաղբանտարկեալների եւ քաղաքական հալածեալների, հնարաւոր քաղաքական հալածանքների էջը: Շատ կարեւոր է, որ իրաւապահ մարմինների գործողութիւնները որեւէ կերպ այլ մեկնաբանութիւն ստանալու իրական հիմք չունենան: Շատ կարեւոր եմ համարում, որ մենք այս ֆորմատով գանք ընդհանուր յայտարարի եւ առաջինը՝ համոզուած լինենք, որ կոռուպցիայի դէմ պայքարի պրոցեսը շարունակուելու է, երկրորդը՝ պրոցեսը շարունակուելու է առաւել արդիւնաւէտ եւ այս պրոցեսի ընթացքում երաշխաւորուելու են մարդու իրաւունքները, օրինականութիւնն ու ընդհանրապէս հանրութեան շահերը»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
Այնուհետեւ խորհրդակցութեան մասնակիցները վարչապետին զեկուցած են կաշառակերութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ իրականացուող եւ յառաջիկային նախատեսուող աշխատանքները: Անդրադարձ կատարուած է իրաւապահ մարմիններու փոխգործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման վերաբերող հարցերուն:






