Հինգշաբթի, 03. 07. 2025

spot_img

Արմէն Սարգսեան Փարիզի Մէջ Հանդիպած Է ֆրանսական Մեծ Ձեռնարկութիւններու Ղեկավարներուն Հետ

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Յունիս 24-25-ին Փարիզ կատարած այցի ծիրէն ներս հանդիպած է ֆրանսական երկու տասնեակէն աւելի մեծ ձեռնարկութիւններու, որոնց շարքին՝ «Dassault systemes»-ի, «Channel»-ի, «Crédit Agricole» դրամատան, «Aéroport de Paris»-ի, «Lactalis group»-ի, «CNIM»-ի, «Egis-Group»-ի, «Surys»-ի եւ այլ ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմէն:

Հանդիպումներուն ընթացքին նախագահ Սարգսեան ներկայացուցած է Հայաստանի ներդրումային միջավայրը, յատկապէս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ներքաղաքական վերափոխումներու, նոր իշխանութիւններու կողմէ հաւասար եւ օրինական գործարար միջավայր ձեւաւորելուն ուղղուած բարեփոխումներու միջոցառումներու լոյսին ներքոյ: նախագահը հաստատած է Հայաստանի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու համար անհրաժեշտ բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու իշխանութիւններու պատրաստակամութիւնն ու յանձնառութիւնը:

Ան շեշտած է Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու գրաւչութիւնը՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Իրանի շուկաներ մուտք գործելու ներուժով եւ հնարաւորութեամբ:

Նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է այս տարուան Հոկտեմբերին Ֆրանքոֆոնիոյ միջազգային կազմակերպութեան շրջանակին մէջ կայանալիք տնտեսական համագումարին՝ հրաւիրելով ձեռնարկութիւնները իրենց գործուն եւ աշխոյժ մասնակցութիւնը բերել:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին