Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

«Դանիէլ Երաժիշտի Հետ» Խորագիրով Ծրագիրին Հերթական Հանդիպումը ՆԱՄ-ի Մէջ

Յունիս 30-ին՝ ժամը 16:00-ին, «Նարեկացի» արուեստի միութեան կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Դանիէլ Երաժիշտի հետ» խորագիրը կրող ծրագիրին հերթական հանդիպումը:

Հանդիպման թեման մարիամերգութիւնն է՝ Մովսէս Խորենացիի «Ուրախացի՛ր, Սրբուհի՛» շարականէն մինչեւ մեր օրերը:

Ընթացքին պիտի հնչեն եւ պիտի մեկնաբանուին Տիրամօր նուիրուած տարբեր ժամանակներու երգեր:

«Դանիէլ Երաժիշտի հետ» հանդիպումներուն բովանդակութիւնը, օրակարգը երաժշտական արուեստն է՝ իր տարբեր ժանրային, ոճական եւ այլ դրսեւորումներով:

Մուտքը ազատ է:
www.naregatsi.org

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին