Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Վերաբերեալ Օրինագիծը Հանուած Է Իսրայէլի Խորհրդարանին Օրակարգէն

Ինչպէս կը կանխատեսուէր, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով՝ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ անոր գլխաւորած դաշինքին արձանագրած յաղթանակէն ետք Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծի՝ Յունիս 25-ին նախանշուած քննարկումը, քուէարկութեան նախօրէին ուշ երեկոյեան օրակարգէն հանուած է: Այս մասին դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է արաբագէտ, տարածաշրջանային հարցերով փորձագէտ Արմէն Պետրոսեան:

Ըստ փորձագէտին` պատճառը այն է, որ իշխող համախառն կառավարութիւնը հրաժարած է աջակցելու նախագիծին, իսկ փաստաթուղթը հեղինակած ընդդիմադիր «Մերեց» կուսակցութեան ղեկավար Թամար Զանտպըրկը ետ կանչած է զայն:

Իշխող համախառն կառավարութիւնը յայտարարած է, որ յառաջիկային պիտի ներկայացնէ խնդիրին վերաբերեալ սեփական «այլընտրանքային» օրինագիծը, որուն մէջ, ըստ որոշ տեղեկութիւններու, Հայոց Մեծ եղեռնը պիտի բնութագրուի «ողբերգութիւն» եզրով, ի տարբերութիւն նախորդ օրինագիծերուն մէջ կիրառուած «ցեղասպանութիւն» եզրին:

«Ի դէպ, հարկ է յիշեցնել, որ դեռ Յունիս 11-ին խորհրդարանին մէջ «Մերեց» կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած օրինագիծին քննարկումը Իսրայէլի ԱԳՆ-ին խնդրանքով յետաձգուած էր՝ Թուրքիոյ մէջ իրականացուելիք ընտրութիւններուն «Էրտողանի յաղթանակին չաջակցելու» հիմնաւորումով, մինչդեռ իրական պատճառը, որ տրամագծօրէն հակառակ նպատակը կը հետապնդէր, դարձեալ «ջուրի երես» եկաւ:

Կասկածէ վեր է, որ տարածաշրջանին մէջ կանխատեսուող յոյժ կարեւոր զարգացումները հիմք ընդունելով՝ Իսրայէլ-Թուրքիա «գաղտնի սիրախաղ»-ը պիտի շարունակուի նոր թափով ու դրսեւորումներով»,- նկատած է փորձագէտը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին