ՊԷՅՐՈՒԹ, ԶԱՐԹՕՆՔ: «Զարթօնք»-ի խմբագրատան մէջ երէկ՝ Երեքշաբթի, 26 Յունիս 2018-ի առաւօտեան ուրախ եղանք հիւրընկալելու Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու բաժինի պետ Էլիզ Գէորգեանն ու տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան բաժինի աշխատակից Սոնա Մկրտչեանը:
Մեր յարգելի հիւրերէն իմացանք, որ իրենք Լիբանան կը գտնուին Հայկազեան համալսարանին հետ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեան ծրագիրի ծիրէն ներս:
Հանդիպումը առիթ մըն էր մեր հիւրերուն ծանօթացնելու լիբանանահայ մամուլի եւ ի մասնաւորի «Զարթօնք»-ի աւելի քան 80-ամեայ երթը: Անդրադարձանք վերջերս Երեւանի մէջ կայացած լրագրողներու համահայկական 9-րդ համագումարին, անոր կարեւորութեան, հեռանկարներուն եւ մարտահրաւէրներուն:
Մեր հիւրերուն հետ մեր զրոյցին առանցքը հանդիսացաւ սփիւռքահայ լրատուադաշտի վերաբերող խնդիրները ընդհանրապէս եւ տպագիր մամուլի մարտահրաւէրները մասնաւորաբար:
Ուրախութեամբ իմացանք, որ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներուն համար շատոնց ծանօթ էր «Զարթօնք»-ի անունն ու դերը հայկական իրականութեան մէջ: Հետաքրքրական էր լսել նաեւ, որ մեր կազմակերպութեան ակունքը հանդիսացող՝ Արմենական կուսակցութեան ներշնչման աղբիւր «Արմենիա»-ի պարբերաթերթի խմբագիր Մկրտիչ Փորթուգալեանի կեանքն ու գործը մեր հիւրերէն՝ պատմական գիտութիւններու թեկնածու Էլիզի Գէորգեանին ուշադրութեան առարկան եղած է իր ակադեմական ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին:
Աւարտին կը մնար շնորհակալութիւն յայտնել մեր հիւրերուն լիբանանաեան հայասփիւռքը բծախնդրօրէն ուսումնասիրելու իրենց աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարանին, որ արդէն երրորդ տարին է նման նախաձեռնութիւնով առիթը կու տայ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան իր աշխատակիցներուն միջոցաւ մօտէն առնչուելու եւ լաւապէս ճանչնալու լիբանանահայութիւնը:
«Խմբ.»