Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Երիտասարդ Ընտանիքներու Եւ Զինծառայողներու Բնակարանային Խնդիրներու Լուծումը Կառավարութեան Առաջնահերթութիւններէն Է

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են երիտասարդ ընտանիքներու եւ զինծառայողներու բնակարանային խնդիրներու լուծման հնարաւորութիւնները: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

«Հաւաքուել ենք մի շատ կարեւոր թեմա քննարկելու համար: Խօսքը վերաբերում է սոցիալական նշանակութեան հիփոթեքային վարկային ծրագրերին, որոնց համատեքստում հիմնական շահառուների խումբը, որոնց հարցերով պէտք է զբաղուենք, երիտասարդ ընտանիքներն են եւ զինծառայողները: Յոյս ունենք, որ այս փուլում ռեալ հնարաւորութիւն կը լինի, որպէսզի շօշափելի ծաւալներով կարողանանք լուծել զինծառայողների ու երիտասարդ ընտանիքների բնակարանային խնդիրները շատ աւելի լաւ պայմաններով եւ շատ աւելի մեծ ծաւալներով, քան ունեցել ենք նախկինում»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:   

Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեանը նշած է, որ առեւտրային դրամատուներու հետ ունեցած բանակցութիւններու արդիւնքներով կը նախատեսուի երիտասարդ ընտանիքներու համար բնակարաններու ձեռքբերման վարկային տոկոսադրոյքները նուազեցնել մինչեւ 7-7.5 տոկոս: Բնակարաններու ձեռքբերման կանխավճարը պիտի կազմէ 20 տոկոս, կալուածագրաւի վարկերու մարման ժամկէտը նախատեսուած է մինչեւ 30 տարի: Զինծառայողներու պարագային, կանխավճարի 10 տոկոսին պիտի նպաստէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, իսկ վարկերու տոկոսագումարը պիտի փոխհատուցուի անոնց աշխատավարձի եկամտային հարկէն:

Որպէս օրինակ՝ նշուած է, որ երիտասարդ ընտանիքի ընդհանուր ամսական չհարկուած եկամուտը 450 հազար դրամ ըլլալու պարագային նշուած ծրագիրով 20 մլն դրամ արժողութեամբ եւ 70 քմ տարածքով բնակարան ձեռք բերելու պարագային, 20 տարի մարման ժամկէտով եւ 7-7.5 տոկոս տոկոսադրոյքի  պայմաններուն մէջ, վարկի տոկոսագումարը ամբողջութեամբ կը փոխհատուցուի շահառուի եկամտային հարկէն ու վերջինս կը մարէ միայն մայր գումարը՝ ամսական 65-70 հազար դրամի չափով:

Նշուած է, որ երիտասարդ ընտանիքներու եւ զինծառայողներու բնակարանային ծրագիրը պիտի իրականացուի ոչ միայն Երեւանի, այլ նաեւ մարզերու մէջ՝ հաշուի առնելով տարածքային համաչափ զարգացման կարեւորութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է ծրագիրներու իրականացման համար փորձառու շինարարի ընտրութիւնը եւ ընդգծած, որ պէտք ամէն ինչ ընել՝ հնարաւոր վտանգները նուազագոյնի հասցնելու նպատակով: Վարչապետը ընդգծած է, որ այս ծրագիրները ունին մեծ կարեւորութիւն, կառավարութեան առաջնահերթութիւններու շարքին են եւ պէտք է բացառել կաշառակերութեան որեւէ դրսեւորում ու խոչընդոտ: Կառավարութեան ղեկավարը համոզում յայտնած է, որ ծրագիրներու յաջող իրականացումը հնարաւորութիւն կու տայ յառաջիկայ տարիներուն ընդլայնել անոնց ծաւալները՝ երիտասարդ ընտանիքները եւ զինծառայողները բնակարաններով ապահովելու խնդրին արդիւնաւէտ լուծում տալու համար: Նիկոլ Փաշինեան յանձնարարած է ձեւաւորել միջգերատեսչական յանձնաժողով՝ ծրագիրները վերջնական տեսքի բերելու եւ զանոնք  կառավարութեան հաստատման ներկայացնելու համար:   

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին