Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Յունիս 24-25-ին Փարիզ կատարած այցի ծիրէն ներս հանդիպած է ֆրանսական երկու տասնեակէն աւելի մեծ ձեռնարկութիւններու, որոնց շարքին՝ «Dassault systemes»-ի, «Channel»-ի, «Crédit Agricole» դրամատան, «Aéroport de Paris»-ի, «Lactalis group»-ի, «CNIM»-ի, «Egis-Group»-ի, «Surys»-ի եւ այլ ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմէն:
Հանդիպումներուն ընթացքին նախագահ Սարգսեան ներկայացուցած է Հայաստանի ներդրումային միջավայրը, յատկապէս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ներքաղաքական վերափոխումներու, նոր իշխանութիւններու կողմէ հաւասար եւ օրինական գործարար միջավայր ձեւաւորելուն ուղղուած բարեփոխումներու միջոցառումներու լոյսին ներքոյ: նախագահը հաստատած է Հայաստանի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու համար անհրաժեշտ բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու իշխանութիւններու պատրաստակամութիւնն ու յանձնառութիւնը:
Ան շեշտած է Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու գրաւչութիւնը՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Իրանի շուկաներ մուտք գործելու ներուժով եւ հնարաւորութեամբ:
Նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է այս տարուան Հոկտեմբերին Ֆրանքոֆոնիոյ միջազգային կազմակերպութեան շրջանակին մէջ կայանալիք տնտեսական համագումարին՝ հրաւիրելով ձեռնարկութիւնները իրենց գործուն եւ աշխոյժ մասնակցութիւնը բերել: