Կիրակի, 01. 02. 2026

spot_img

Հալէպի Նահանգապետը Սրբազան Հօր Ընկերակցութեամբ Այցելեց Վերանորոգուող Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցի

Յունիս 24-ի առաւօտեան, հրաւէրով Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Շահան արք. Սարգիսեանի եւ Ազգ. Իշխանութեան, Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապ այցելեց Հալէպի Ճըտէիտէ շրջանը գտնուող Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի եւ սրբազան հօրմէն տեղեկացաւ պատերազմի ընթացքին ահաբեկիչներու հրթիռակոծումներուն հետեւանքով եկեղեցւոյ կրած վնասներուն եւ թեմին կողմէ հնագիտական եւ կրօնական կառոյցներու վերանորոգման օրէնքներուն համապատասխան իրականացուող բարեկարգումի մասնագիտական աշխատանքներուն:

Ըստ «Գանձասար»-ի՝ Սրբազան հայրը շեշտեց, որ աշխատանք կը տարուի եկեղեցւոյ դռները հաւատացեալներուն դիմաց կրկին բանալու՝ յատկապէս նկատի ունենալով, որ այս եկեղեցին պատմական ու մանաւանդ եզակի խորհրդանշական մեծ արժէք կը ներկայացնէ եւ աւելի քան 600 տարուան կեանք ունի։

Հալէպի նահանգապետը դիտել տուաւ, որ ահաբեկիչները կրօնք չունին, եւ այնպէս ինչպէս Օմայատ մզկիթը քանդեցին, նոյնպէս ալ եկեղեցիները թիրախ դարձուցին՝ աւելցնելով որ բոլոր քանդուած կառոյցները պիտի վերակառուցուին եւ նիւթեղէն կառոյցներուն կողքին, հոգեպէս պիտի վերականգնի նաեւ մեր ժողովուրդը։ Այսպիսով է որ վերականգնումը ամբողջական պիտի ըլլայ։ Նահանգապետը շրջագայեցաւ նաեւ Պաուապաթ ալ Քասապի եւ Ճըտէիտէի շուկաները, զրուցեց տեղւոյն բնակչութեան եւ վաճառատուներու սեփականատէրերուն հետ, հետեւեցաւ վերանորոգման աշխատանքներուն եւ կոչ ուղղեց առեւտրականներուն վերաբանալու իրենց վաճառատուները՝ խոստանալով, որ նահանգապետարանը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ օգնելու անոնց եւ բարելաւելու շրջանի պետական ծառայութեան ոլորտը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին