Երեքշաբթի, 03. 03. 2026

spot_img

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Երկու Հայ Պատգամաւոր Կ’ունենայ՝ Կարօ Փայլանը Եւ Մարգար Եսայեանը

*ԱՐԱՔՍ ԿԱՍԵԱՆ*

Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներով՝ խորհրդարանէն ներս 2 հայ պատգամաւոր պիտի ըլլայ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, նոր խորհրդարանին մէջ կ’ըլլան քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ Տիարպեքիրի մէջ առաջադրուած հայազգի Կարօ Փայլանը եւ իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան կողմէ Իսթամպուլի 2-րդ ընտրատեղամասին մէջ առաջադրուած Մարգար Եսայեանը:

2015-ի Նոյեմբերի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 3 հայ պատգամաւոր կար` Կարօ Փայլանը, Մարգար Եսայեանը եւ քեմալական Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան անդամ Սելինա Տողանը: Վերջինիս թեկնածութիւնը այս ընտրութիւններուն կուսակցութիւնը չէ առաջադրած:

Իր պատգամաւորական գործունէութեան ժամանակ Կարօ Փայլանը մշտապէս բարձրաձայնած է հայ համայնքը յուզող հարցերը: Ան աչքի զարկած է Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս իր համարձակ ելոյթներով, ուր բազմիցս բարձրաձայնած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ կոչ ընելով իշխանութիւններուն առերեսուիլ սեփական պատմութեան եւ ընդունիլ սեփական յանցանքը: Պատգամաւորը նոյնիսկ համապատասխան առաջարկ ներկայացուցած էր, որով կը նախատեսուէր 1915 թուականի դէպքերը պաշտօնապէս ճանչնալ որպէս Ցեղասպանութիւն: Առաջարկը մերժուած էր: Ան նաեւ պարբերաբար բարձրաձայնած է պոլսահայ համայնքը յուզող հարցերը, մասնաւորապէս Պոլսոյ հայոց պատրիարք ընտրելու անհրաժեշտութեան հարցը: Խորհրդարանի ամպիոնէն Ցեղասպանութեան մասին խօսելու համար ան նոյնիսկ կարգապահական տոյժի ենթարկուած է: Բացի այդ՝ օրերս յայտնի դարձաւ, որ իր դէմ քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301-րդ յօդուածով հետաքննութիւն սկսած է: Հետաքննութեան ծիրէն ներս կազմուած է զինք անձեռնմխելիութենէ զրկելու պահանջագիր:

Ի տարբերութիւն Փայլանի` Եսայեանը յայտնի է իշխանական շրջանակներու հետ սերտ յարաբերութիւններով: 2015-ին ընտրուելէ ի վեր ան որեւէ հայամէտ նախաձեռնութեամբ աչքի չէ զարկած: Աւելին, 2016 թուականի Յունիսին Եւրախորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ան Թուրքիոյ պատուիրակութեան կազմին մէջ կողմ քուէարկած էր բրիտանացի խորհրդարանական Ռոպերթ Ուոլթերի հակահայկական «Բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միւս գրաւեալ տարածքներուն մէջ» զեկոյցին, որ ԵԽԽՎ-ի մէջ տապալուած էր:

Այս ընտրութիւններուն առաջադրուած հայազգի երկու թեկնածուներ` Լուտմիլա Պիւյումը (Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւն) եւ Էլմաս Կիրակոսը («Լաւ» կուսակցութիւն) նախնական արդիւնքներով՝ խորհրդարանէն ներս պիտի չըլլան:

Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէաթերթիկներու 92 տոկոսի հաշուարկի արդիւնքներով` իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը խորհրդարանէն ներս կ’ունենայ 295, Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութիւնը` 146, «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւնը` 49, քրդամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւնը` 66, «Լաւ» կուսակցութիւնը` 44 պատգամաւորական աթոռ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին