Երեքշաբթի, 03. 03. 2026

spot_img

Ախալցխայի Հայկական Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի Այցելած Են Թիֆլիսի Միջազգային Յարաբերութիւններու Բաժինի Ուսանողները

Յունիս 23-ին Ախալցխայի հայկական Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի  այցելած են Թիֆլիսի միջազգային յարաբերութիւններու բաժինի ուսանողները: Ուխտաւորները եկեղեցւոյ մէջ հանդիպած են Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ հայր Յակոբ Սահակեանին, քահանայ տէր Թորգոմ Վարդանեանին եւ Սամցխէ-Ջաւախքի Մետիա Վերլուծական կեդրոնի անդամներուն հետ, կը գրէ «akhaltskha.net»-ը:

Ուսանողներուն հետ հանդիպումի ընթացքին ներկայացուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատմութիւնը եւ Վրաստանի մէջ հայկական եկեղեցին յուզող բազմաթիւ խնդիրներ: Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուած է եկեղեցիներու գրանցման խնդիրին եւ վիճելի համարուող եկեղեցիներու հարցին: Հայ հոգեւորականներուն կողմէ յատուկ ընդգծուած է հայ եւ վրաց ժողովուրդի բարեկամական կապերու զարգացման ու ամրապնդման կարեւորութիւնը:

Երիտասարդները մեծ հետաքրքրութեամբ  իրենց հարցերը ուղղած են հայ հոգեւորականներուն եւ ամէն հարցի ստացած պատշաճ պատասխան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին