Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Տեղադրուած Են Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Յովանի Մայր Տաճարի Խաչերն ու Զանգերը

Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Յովանի Մայր տաճարի կառուցման աշխատանքները թեւակոխած են աւարտական փուլ:

Յունիս 24-ին հանդիսաւորութեամբ տեղադրուեցան եկեղեցւոյ եւ զանգակատան գմբէթներու խաչերն ու զանգերը:

«Արցախփրես»-ի թղթակիցի հաղորդմամբ` Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ խաչերու եւ զանգերու օծման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, գերատեսչութիւններու ղեկավարներ, ՊԲ զօրամասի զինծառայողներ, ստեփանակերտցիներ եւ այլք:

Նուիրատուութիւններու շնորհիւ կառուցուող Աստուածամօր Սուրբ Յովանի Մայր տաճարի հիմնարկէքը տեղի ունեցած է 2006 թուականի Յուլիս 19-ին Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի ձեռամբ: Շուրջ 12 տարի  տեւող շինարարութեան աւարտը կը նախատեսուի այս տարուան Հոկտեմբեր 1-ին, երբ տեղի կ’ունենայ եկեղեցւոյ օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին