Յունիս 23-ին Ախալցխայի հայկական Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի այցելած են Թիֆլիսի միջազգային յարաբերութիւններու բաժինի ուսանողները: Ուխտաւորները եկեղեցւոյ մէջ հանդիպած են Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ հայր Յակոբ Սահակեանին, քահանայ տէր Թորգոմ Վարդանեանին եւ Սամցխէ-Ջաւախքի Մետիա Վերլուծական կեդրոնի անդամներուն հետ, կը գրէ «akhaltskha.net»-ը:
Ուսանողներուն հետ հանդիպումի ընթացքին ներկայացուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատմութիւնը եւ Վրաստանի մէջ հայկական եկեղեցին յուզող բազմաթիւ խնդիրներ: Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուած է եկեղեցիներու գրանցման խնդիրին եւ վիճելի համարուող եկեղեցիներու հարցին: Հայ հոգեւորականներուն կողմէ յատուկ ընդգծուած է հայ եւ վրաց ժողովուրդի բարեկամական կապերու զարգացման ու ամրապնդման կարեւորութիւնը:
Երիտասարդները մեծ հետաքրքրութեամբ իրենց հարցերը ուղղած են հայ հոգեւորականներուն եւ ամէն հարցի ստացած պատշաճ պատասխան:






