Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Փաշինեանի Գլխաւորութեամբ Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ Գումարուած Է

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք ասիկա Անվտանգութեան խորհուրդի առաջին նիստն է եւ աւելցուցած. «Գիտէք, որ Ապրիլի 9-ից յետոյ Անվտանգութեան խորհրդի գործառոյթներն աւելի են կոնկրետացուել եւ սահմանադրութեան 155-րդ յօդուածի 2-րդ մասի համաձայն՝ պաշտպանութեան ոլորտի քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները սահմանում է Անվտանգութեան խորհուրդը: Այսօրուայ մեր նիստը նաեւ այս շրջանակի մէջ գտնուող հարցերն ու հետագայ անելիքները քննարկելու նպատակ ունի»:

Խորհուրդի նիստին քննարկուած են ՀՀ զինուած ուժերու զարգացման ծրագիրի եւ սպառազինութեան ու ռազմասարքերու զարգացման պետական ծրագիրին եւ ԶՈՒ-երու մարտական հերթապահութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման վերաբերող հարցեր: Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը զեկուցած է նաեւ ՀՀ ՊՆ-ի մէջ աշխոյժ պաշտպանութեան կազմակերպման աւելի արդիւնաւէտ ձեւերու եւ մեթոտներու ներդրման մասին:   

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին