* ՏԱԹԵՒԻԿ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
«Մարդ կրնայ հարիւր տուն ունենալ, բայց միայն մէկ օճախ»: Ես կեանքիս մէջ երբեք չեմ ձգտած անձնական երջանկութեան ու բարօրութան։ Միշտ ձգտած եմ միայն մէկ բանի եւ պայքարած եմ միայն մէկ բանի՝ իմ հարազատ ժողովուրդիս ազատութեան եւ բարեկեցութեան համար։ Ես իմ վաստակիս գնահատականը չեմ փնտռեր: Կը ցանկամ միայն, որ երջանիկ ըլլայ այն ժողովուրդը, որուն ես կը ծառայեմ»։
«Ամէն օր ձեր գլուխները բարձին դնելէ եւ քնանալէ առաջ, յիշեցէ՛ք, թէ այդ օրը ի՛նչ ըրած էք ձեր ազգին համար»: «Իմ կուսակցութիւնս իմ ազգս է»: «Մահս չեմ հոգար, այլ գործս, որ կիսատ մնաց»…
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՕԶԱՆԵԱՆ
«Զարթօնք»-ը կը շարունակէ իր պտոյտներու շարքը: Այս շաբթուան կանգառի հերոսները Երեւան բնակող մտաւորականներ, հանրաճանաչ տնտեսագէտ, գրող Իլյիչ Բեկլարեանը եւ իր ազնուափայլ տիկինը՝ Ժորժեթա Առաքելեանն են, որոնք հրաժարեցան շքեղ առանձնատուն, ամառանոց ունենալու կարգ մը մարդոց ունեցած մոլուցքէն եւ աշխարհը շրջելու գայթակղութենէն եւ իրենց սեփական միջոցներով Երեւանի կեդրոնին Կոմիտասի անուան զբօսայգիին մէջ պանթէոնի հարեւանութեամբ ստեղծեցին մշակոյթի փառահեղ գանձարան մը, այն ալ ոչ աւելի, ոչ պակաս, քան ֆետայական շարժումի Զօրավար Անդրանիկ թանգարանը:
Անդրանիկ Օզանեանը հայ ժողովուրդի պատմութեան, միաժամանակ ամենահակասական կերպարներէն է: Ծնած է 1865 թուականի Փետրուար 25-ին Տրապիզոնի նահանգի Շապին-Գարահիսար գիւղաքաղաքը արհեստաւորի ընտանիքի յարկին տակ: Պատանեկան տարիներուն ատաղձագործութեամբ զբաղած է, բայց տարուելով Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ծաւալուող ազգային ազատագրական շարժումներով` ատաղձագործի ուրագը փոխարինած է հրացանով:
Ֆետայական շարժումի «Զօրավար Անդրանիկ» թանգարանը բացուած է 1995 թուականին Անդրանիկ Օզանեանի 130-ամեակի առթիւ, այնուհետեւ 2 տարի անց փակուած, բայց դարձեալ բացած է իր դռները 2006 թուականի Սեպտեմբեր 16-ին: Երկյարկանի թանգարանի երկու ընդարձակ դահլիճներուն մէջ կը ներկայացուին ֆետայական շարժումի նշանաւոր գործիչներու կեանքը, գործունէութիւնը, անձնական իրերը՝ Արաբոյէն մինչեւ Արցախեան շարժում։ Առանձին ցուցատախտակներով կը ներկայացուի ֆետայական շարժումի պատմութիւնը, ֆետայիներու, հայդուկներու (Անդրանիկ, Աղբիւր Սերոբ, Մախլուտօ, Սեւքարեցի Սագօ, Գարեգին Նժդեհ եւ այլք) մասին նիւթեր, նկարներ, փաստաթուղթեր, բազմաթիւ անձնական իրեր, որոնք 30 տարուան ընթացքին հաւաքուած են թանգարանի հիմնադիր-տնօրէն Իլյիչ Բեկլարեանի կողմէ։
Ինչպէս նշեցի զօրավար Անդրանիկ տանող ճանապարհը կ’անցնի Կոմիտասի անուան զբօսայգիի կեդրոնական մուտքէն, սակայն եթէ այգիի աջակողմեան մուտքէն անցնիք, ապա հնարաւորութիւն կ’ունենաք զմայլելու Կոմիտասի թանգարան գիտահետազօտական կեդրոնի համար յատուկ նախագծուած հոյակերտ կառոյցով, ապա շարունակելով ձեր քայլերը կը հասնիք հայ մտաւորականներու պանթէոն, ուր կողք-կողքի կը հանգչին հայազգի մեծերը` Կոմիտաս, Ալեքսանդր Շիրվանզադէ, Վահրամ Փափազեան, Մարտիրոս Սարեան, Սերկէյ Փարաջանով, Վահան Տէրեան, Յովհաննէս Շիրազ ու այլ անկրկնելի մեծեր: Անցնելով հայ մեծերու կողքով՝ կը մտնէք անդրանիկեան տիրոյթ: Փարթամ ծառուղիները, որոնք երիզուած են մատաղեայ զարդաքանդակներով դաջուած պարիսպներով, իրենց մէջ առած են եռյարկանի շինութիւն մը` զօրավար Անդրանիկ թանգարանը: Առաջինը այցելուներուն առջեւ կը բացուի ծառ ու ծաղիկներու, բազմագոյն վարդերու մէջ բուրող այգին, որուն հաստաբուն ծառերուն տակ հայ քաջերու բարձրարուեստ քանդակներն են, որոնք սիրով ներս կը կանչեն այցելուները:
Ֆետայիներու արձաններու ուղեկցութեամբ մենք բարձրացանք թանգարանի յարմարաւէտ աստիճաններէն, ուր մեզ սիրով դիմաւորեց եւ մեր հարցերուն պատասխանեց Զօրավար Անդրանիկ թանգարանի փոխտնօրէն Սուզաննա Աբրահամեանը:
«Զ.» – Տիկ. Աբրահամեան, կ’ըսէ՞ք հիմնադրման ի՛նչ պատմութիւն ունի թանգարանը: Ովքե՞ր են Իլյիչ Բեկլարեանը եւ Ժորժեթա Առաքելեանը:
«Ս. Ա.». – Զօրավար Անդրանիկ թանգարանը սեփական թանգարան է, որ հիմնադրած են հայրենասէրեր եւ անդրանիկապաշտ ամուսիններ Իլյիչ Բեկլարեանը եւ Ժորժեթա Առաքելեանը: Անոնք էին, որ խիզախութիւնը ունեցան մեր քաղաքականացուած դժուարին ժամանակներուն թանգարան ստեղծել, առաւել եւս այնպիսի թանգարան, որ կը ներկայացնէ հայ ազգային-ազատագրական պայքարի փառաւոր էջերը, ամենայն հայոց զօրավարի Անդրանիկ Օզանեանի, իր մարտական համախոհներու կեանքն ու գործը, ինչը այդ տարիներու մշակութային ու հոգեւոր քաղցի պայմաններուն մէջ պարզապէս անհրաժեշտութիւն էր: Աշխատանքային բարդ, սակայն հարուստ ուղի անցած է Իլյիչ Բեկլարեանը: Իր կենսագրութեան մէջ շատ էջեր կան, որոնք դարձած են հայրենասէր քաղաքացիի տիպարի ձեւաւորման եւ անոր հասունացման նախապայմանը: Հայաստանի Հանրապետութեան նիւթա-արհեստագիտական մատակարարման գլխաւոր վարչութեան համակարգին մէջ մեծ յաջողութիւններ ձեռք բերած, շարքային հաշուապահէն մինչեւ Պետմատի նախագահի տեղակալի պաշտօնին հասած Իլյիչ Բեկլարեանին քիչերը գիտէին որպէս անդրանիկապաշտ հայորդի: Իսկ դպրոցը գերազանց աւարտած, հետագային մասնագիտական հիմնաւոր կրթութիւն ստացած, սակայն արուեստաշաղախ տնտեսագէտ Ժորժեթա Առաքելեանը մեծցած է արուեստագէտներու շրջապատին մէջ: Իր հայրական օճախին մէջ միշտ հիւրընկալուած, ընտանիքի բարեկամներ, մեծանուն գործիչներ Աւետ Աւետիսեանը, Գոհար Գասպարեանը, Սիլվա Կապուտիկեանը, Յովհաննէս Շիրազը, Կարպ Խաչվանքեանը, Սվեթլանա Գրիգորեանը, Օֆելիա Համբարձումեանը, Արաքսիա Գուլզադեանը միշտ հիացած են համարձակ աղջնակի ասմունքով: Սակայն կեանքը Ժորժեթա Առաքելեանին տարաւ այլ ճամբով՝ ընտանիք, զաւակներ, մայրական խնամք:
Ֆետայական շարժումի «Զօրավար Անդրանիկ» թանգարանը բացուած է 1995 թուականին Երեւանի Արշակունեաց փողոց 2 հասցէի վրայ, Անդրանիկ Օզանեանի 130-ամեակի առթիւ, այնուհետեւ երկար չգործելով 2 տարի անց փակուած եւ 2006 թուականի Սեպտեմբեր 16-ին դարձեալ բացուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնի հարեւանութեամբ:
«Զ.» -Ի՞նչ կարելի է տեսնել թանգարանը: Որո՞նք են թանգարանի ամենահետաքրքրական եւ արժէքաւոր իրերը:
«Ս. Ա.». – Թանգարանը ստեղծուեցաւ նաեւ հայ մշակոյթի նուիրեալներու աջակցութեամբ, ուր ներկայացուած են ֆետայական շարժումի գրեթէ բոլոր նահատակներուն լուսանկարները, կենսագրական հազուագիւտ տուեալները, անձնական իրերը, զօրավար Անդրանիկի կեանքն ու գործունէութիւնը պատկերող բացառիկ լուսանկարներ, քանդակներ, ինչպէս նաեւ զօրավարի անձնական իրերը, անոր ստացած շքանշաններն ու մետալները, որոնք որոնումներու նպատակով՝ Պուլկարիա կատարած այցելութիւններէն մէկուն ժամանակ Իլյիչ Բեկլարեանին յանձնած է Անդրանիկի կնոջ դուստրը, որ Վառնա կ’ապրի:
Երկյարկանի թանգարանի երկու ընդարձակ դահլիճներուն մէջ, ինչպէս նշեցի, կը ներկայացուին ֆետայական շարժումի նշանաւոր գործիչներու կեանքը, գործունէութիւնը, անձնական իրերը՝ Արաբոյէն մինչեւ Արցախեան շարժում։ Առանձին ցուցատախտակներով կը ներկայացուի ֆետայական շարժումի պատմութիւնը, ֆետայիներու, հայդուկներու (Անդրանիկ, Աղբիւր Սերոբ, Մախլուտօ, Սեւքարեցի Սագօ, Գարեգին Նժդեհ եւ այլք) մասին նիւթեր, նկարներ, փաստաթուղթեր, անձնական բազմաթիւ իրեր, որոնք 30 տարուան ընթացքին հաւաքուած են թանգարանի հիմնադիր-տնօրէն Իլյիչ Բեկլարեանի կողմէ։
Առանձին կը ներկայացուին նշանաւոր զօրավար Անդրանիկի անձնական իրերը՝ բերուած Պուլկարիոյ իր տունէն՝ փաստաթուղթեր, նամակներ, ձեռագիրեր, գործիքներ, թերթեր, գիրքեր, շքանշաններ եւ այլն։ Թանգարանը կը ներկայացուին բազմաթիւ գիրքեր եւ ալպոմներ հայդուկներու, Հայկական հարցի, Արցախեան պատերազմի մասին։
Թանգարանի հետաքրքրական եւ արժէքաւոր իրերէն են Անդրանիկի՝ Պալքանեան պատերազմին մասնակցած թուրը, Առաջին կամաւորական գունդի, որուն հրամանատարն էր Անդրանիկը, շեփորը, Անդրանիկի՝ Պուլկարիոյ տան մանրակերտը, ծննդավայրի՝ Շապին Գարահիսարի նախանմուշը, Մշօ Սուրբ Առաքելոց վանքի մանրակերտն ու զանգը, Արա Շիրազի կերտած Անդրանիկի քանդակը, Անդրանիկի՝ Դսեղի մէջ նուիրած դաշոյնը, Թումանեանի եւ Անդրանիկի՝ 1917–1918-ին Թիֆլիս հրատարակած «Հայաստան» օրաթերթի բոլոր համարները, թերթի խմբագրատան գրիչը, գրասենեկային իրերը, Մախլուտոյի (Սմբատ զօրավար) անձնական իրերը՝ ժամացոյցը, Սերոբի դաշոյնը եւ այլն։
«Զ.» – Ուրիշ ի՞նչ կարելի է տեսնել թանգարանին կից փոքրիկ պուրակին մէջ: Ի՞նչ միջոցառումներ կը կազմակերպէք այստեղ:
«Ս. Ա.». Թանգարանի մաս կը կազմէ նաեւ շինութեան կից փոքրիկ պուրակը, ուր տեղադրուած են մի քանի ֆետայիներու քանդակները։ Առաջին արձանը, որ կը դիմաւորէ այցելուները, Սասնա Հսկայի քարակերտ արձանն է, կողքին «Անդրանիկի աղբիւր» անունը ստացած, շուրջօրեայ ցայտաղբիւրը: Պտղատու ծառերուն տակ դրուած են Երեւանի քաղաքապետարանի նուիրած յարմարաւէտ նստարաններ, որպէսզի այցելուն կարենայ հանգիստ առնել եւ վայելել այգիի բարիքները:
Եթե եղանականյին պայմանները թոյլ տան, մեր միջոցառումները կը կազմակերպենք թանգարանի այդ փոքրիկ պուրակին մէջ: Մենք շատ դպրոցներ կ’ընդունինք: Բոլորս ալ գիտենք, թէ որքա՛ն կարեւոր է հայրենասիրական ոգին երեխաներուն համար: Մենք ամէն ինչ կ’ընենք, որպէսզի երեխաները այդ ոգիով սնուին եւ թանգարանէն հեռանան ոգեւորուած եւ հայրենասիրութեամբ լեցուած: Ամէն տարի կը մասնակցինք «Թանգարանային գիշեր» ծրագիրին կ’ունենանք համերգային երեկոներ, դասախօսութիւններ: Այս տարի եւս կը մասնակցէինք ծրագիրին, որուն ծիրէն ներս թանգարանին մէջ երգ-երաժշտութիւն, հետաքրքրական պատմութիւններ կը հնչէին:
«Զ.» -Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք սփիւռքի հետ: Հրատարակչական ի՞նչ գործունէութեամբ կը զբաղի թանգարանը:
«Ս. Ա.» – Մեր մօտ շատ այցելուներ կու գան սփիւռքէն ինչպէս հայեր, այնպէս ալ օտարերկրացիներ: Մենք ծրագիր մը ունինք, որ կ’իրականացնէինք Սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ. ատիկա «Արի տուն» ծրագիրն էր, որուն ծիրին մէջ աշխարհի տարբեր անկիւններէն Հայաստան կու գային հայ փոքրիկները եւ կը ծանօթանային իրենց հայրենիքի պատմութեան ու նուիրեալ զաւակներուն: Այս տարի ծրագիրը փոփոխելու նպատակով կասեցուած է, բայց յոյսով եմ, որ երեխաներուն հնարաւորութիւն կը տրուի դարձեալ այցելել հայրենիք: Բացի այդ ծրագիրէն՝ կ’ունենանք նաեւ անհատ այցելուներ սփիւռքէն, որոնք լսելով Զօրավար Անդրանիկ թանգարանին մասին՝ անպայման կը ցանկան այցելել մեզ: Մէկ խօսքով՝ այցելուներու պակաս չենք ունենար, ըլլայ սփիւռքէն կամ Հայաստանէն:
Թանգարանի հիմնադիր Իլյիչ Բեկլարեանը, ի միջի այլոց, գրող է: Թանգարանը կը հրատարակուին նաեւ իր ստեղծագործութիւնները: 25-էն աւելի գիրքերու հեղինակ է: Ասոր կողքին, կը հրատարակենք թանգարանի վերաբերեալ գիրքեր եւ ուղեցոյցներ: Թանգարանը մշակոյթի եզակի օճախներէն է, որ ստեղծման օրէն ի վեր կը գործէ անվճար եւ պետութեան կողմէ ոչ մէկ օժանդակութիւն կը ստանայ: Սակայն պարզ է, որ թանգարանի պահպանութիւնը դժուարացած է, ուստի մենք թանգարանը փոքրիկ արկղ ունինք նուիրատուութիւններու համար, ուր այցելուները իրենց օժանդակութիւնը կը ցուցաբերեն մեր թանգարանին:
«Զ.» – Զօրավար Անդրանիկ թանգարանը արդէն դարձած է Երեւանի մշակութային օճախներէն մէկը, ուր կ’այցելեն տարբեր մասնագիտութիւններու տէր մարդիկ՝ ուսանողներ, սփիւռքահայեր, տարբեր երկիրներէ ժամանած զբօսաշրջիկներ , Երեւանի եւ հանրապետութեան մարզերու դպրոցներու աշակերտներ, որոնց մօտ թանգարանը մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ: Դուք ալ, սիրելի՛ ընթերցող, այցելեցէ՛ք թանգարան եւ դարձէ՛ք թանգարանի բազմահազար այցելուներէն մէկը: Յիշեցնեմ, որ թանգարանը կը գտնուի Երեւանի Կաշեգործներու 2 հասցէի վրայ պանթէոնի հարեւանութեամբ:
Հեռ. 010-44-02-05, +374-91-53-00-85
Կայք` www.andranikozanyan.blogspot.com