ՌԴ Մակատան քաղաքին մէջ «Հայկական համայնք» մարզային հասարակական կազմակերպութիւնը քաղաքի տօնի կապակցութեամբ նուէր մը կատարած է:
«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով քաղաքապետարանի կայքէջին, կը յայտնէ, որ քաղաքի Մակատանեան պողոտային վրայ հայկական համայնքի ջանքերով տեղադրուած է խաչքար:
Յուշակոթողի բացումը տեղի ունեցած է Յուլիս 17-ին քաղաքի տօնին նուիրուած ձեռնարկներու շաբթուան ընթացքին:
Քաղաքապետ Եւրի Գրիշան դրական համարած է նախաձեռնութիւնը եւ նշած, որ խաչքարը պիտի դառնայ քաղաքի ճարտարապետական կոթողներէն մէկը:






