Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

ՀԵՀՈՄ-Ը Կը Նշէ Իր Հիմնադրութեան 55-Ամեակը

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ նախագահութեամբ Տէր եւ Տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեանին, Շաբաթ, 23 Յունիս 2018-ին Տըպայէի «Լը Ռուայալ» պանդոկի «Ռուպի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական  ուսանողներու միութեան հիմնադրութեան 55-ամեակի նշումը, որուն ներկայ էին նախկին թէ ներկայ ՀԵՀՈՄ-ականներ, ազգայիններ, բարերարներ եւ ՀԵՀՈՄ-ի բարեկամներ։ Ընթրիքին հայրենասիրական եւ ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ հայրենի երգիչ Սեւակ Ամրոյեան։

Վեհափառ Հայրապետին ժամանումէն եւ սեղանի օրհնութենէն ետք ընթացք առաւ յայտագիրը, ուր բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀԵՀՈՄ-ի ատենապետ Կարէն Եօսուլքանեան։ Բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ան հակիրճ ակնարկ մը նետեց ՀԵՀՈՄ-ի անցնող 55 տարիներու գործունէութեան վրայ։ Աւելի քան դէս դար առաջ, հայ ուսանողներ ինքնակամ կերպով հաւաքուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յարկին տակ ու ծնունդ տուած ՀԵՀՈՄ-ին։ Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան եւ շնորհաւորեց Հայրապետին աբեղայական ձեռնադրութեան 50-ամեակը, ինչպէս նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց հանդիսութեան նախագահին եւ բարերարներուն։

Բացման խօսքէն ետք ներկաները դիտեցին ՀԵՀՈՄ-ի մասին պատմական կարճ տեսերիզ մը ու վայելեցին ՀԵՀՈՄ-ականներու պատրաստած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրը։

Նկատի ունենալով, որ ՀԵՀՈՄ-ի 55-ամեակը կը զուգադիպի նաեւ Նորին Սրբութեան 50-ամեակին, ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու հոգշ. Տ. Թաթուլ աբղ. Գարտանաքեան բեմ բարձրանալով՝ ՀԵՀՈՄ-ին անունով Վեհափառ Հայրապետին նուիրեց Նորին Սրբութեան մետաղեայ կիսանդրին, որուն արուեստագէտն է Ռաֆֆի Ետալեան։ Վերջինս, իր կարգին, խօսք առնելով ըսաւ, որ իր այս գործին մէջ փորձած է ամփոփել հայրապետին դէմքին ցոլացող քրիստոնէական խորնարհութիւնը եւ հայուն արդար պահանջատիրութիւնը։

Աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատեց ՀԵՀՈՄ-ի 55-ամեակի նշման համար տարուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ բոլոր ազգայիններուն նախանձախնդրութիւնը հայ համալսարանականներուն նկատմամբ՝ նշելով, որ բարձրագոյն ուսումն ու կրթութիւնը, ուսանողներուն կողմէն տարուած զոհողութեան եւ յարատեւ աշխատանքով, կը նպաստեն գլխաւոր մարդ պատրաստելուն։ Ուսանողներուն մասնագիտութիւններն ու կազմութիւնը խթան կը հանդիսանան հայ ազգին ու եկեղեցւոյ յառաջդիմութեան։ Այս առիթով, ան յորդորեց բարերարներն ու ազգայինները նպաստելու ուսանողներուն, որպէսզի նիւթականը պատճառ չըլլայ անոնց ուսման թերի աւարտին։ Ապա, խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն, հայրապետը յանձնարարեց անոնց մօտ մնալ հայկական գաղութներուն ու գործունեայ ներկայութեամբ նպաստեն ազգի կեանքին բարգաւաճման ու  նոր որակ տալուն։

Վեհափառ հայրապետին մեկնումէն ետք Սեւակ Ամրոյեան ազգային ու հայրենասիրական երգերով ճոխացուց հանդիսութիւնը։

Նշենք, որ ընթրիքին հասոյթով սկիզբ պիտի դրուի Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան ուսանողական ֆոնտին։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին