Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Կիւմրիի Մէջ Քըրք Քըրքորեանի Յուշարձանը Տեղադրուեցաւ

Կիւմրիի Աբովեան փողոցին վրայ Յունիս 24-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ազգային հերոս Քըրք Քըրքորեանի յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էր արձանի տեղադրման նախաձեռնութեան հեղինակ, ծնունդով կիւմրեցի ամերիկաբնակ գործարար Գրիգոր Պետիրեան: Արձանի բացման պատիւը տրուեցաւ Սամուէլ Բալասանեանին եւ նախաձեռնութեան հեղինակին: Ի դէպ, Կիւմրիի քաղաքային իշխանութիւնները նպատակ ունին Աբովեան փողոցը հետագային անուանակոչել Քըրք Քըրքորեանի անունով: Այս մասին կը հաղորդէ «Armenpress.am»-ը։

Քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան խօսեցաւ արձանի, անոր տեղադրման նախաձեռնութեան մասին, ապա անդրադարձաւ Հայաստանի ազգային հերոս Քըրք Քըրքորեանի գործունէութեան, Կիւմրիի մէջ ունեցած ներդրումին. «2800 բնակարան կառուցուած է Լինսի հիմնադրամին միջոցներով, ճանապարհներ, մշակութային օճախներ, տարբեր ձեռնարկներ, որ իրականացուած են Լինսի հիմնադրամին միջոցներով: Այս բոլորին համար կիւմրեցին իր երախտիքի խօսքը պէտք է ըսէր եւ ըսաւ»,- նշած է Սամուէլ Բալասանեան:

Քաղաքապետը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկաբնակ Գրիգոր Պետիրեանին՝ արձանի տեղադրման նախաձեռնութեան համար:

Ողջունելով հայրենակիցները՝ Գրիգոր Պետիրեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց լուման ներդրած են արձանի տեղադրման գործին:

Արձանի հեղինակը կիւմրեցի քանդակագործ Արտուշ Պապոյեանն է, որ իր խօսքին մէջ նշեց. «Մեր բոլորին նպատակը եղած է երախտապարտ ըլլալ մեր բարերարներուն, յատկապէս Քըրք Քըրքորեանին, որ այդքան միջոցներ տրամադրեց Կիւմրի վերականգնման»,- նշեց քանդակագործը:

Նշենք, որ Սպիտակի երկրաշարժէն տուժածներուն օգնութիւն տրամադրելու նպատակով՝ ամերիկահայ միլիառատէրը ստեղծեց «Լինսի» հիմնադրամը՝ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ներդնելով 220 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն։ Միայն 73 միլիոն ծախսած է ճանապարհաշինութեան վրայ՝ վերանորոգելով 435 քիլոմեթր պետական նշանակութեան ճանապարհներ։ 45 միլիոն տոլար ալ յատկացուցած է երկրաշարժէն աւերուած բնակարանային ֆոնտի վերականգման համար, որով Շիրակի ու Լոռիի մարզերուն մէջ կառուցուած է 149 շէնք՝ 3674 բնակարանով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին