Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Արփինէ Յովհաննիսեանը Մտահոգութիւն Յայտնած Է ԱՄՆ Խորհրդարանականներուն Ամերիկեան Արտադրութեան Ուղղաթիռներու՝ Ազրպէյճան Յայտնուելու Վերաբերեալ

ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Արփինէ Յովհաննիսեանը նամակով իր մտահոգութիւնը յայտնած է ԱՄՆ խորհրդարանական Ճեքի Սփիրին եւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Թուլսի Կապարտին ամերիկեան արտադրութեան «Bell 412» տեսակի ուղղաթիռներու՝ Ազրպէյճանի ռազմական շքերթին յայտնուելու վերաբերեալ: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, Արփինէ Յովհաննիսեանը իր նամակին մէջ գործընկերներուն գրած է, որ Ազրպէյճան այդ ուղղաթիռներու յայտնուիլը բազմաթիւ հարցերու եւ մտահոգութիւններու տեղիք կու տայ:

«Օգտակար կ’ըլլայ գիտնալ բոլոր կանոնադրական սահմանափակումները: Գործադիր իշխանութեան կամ այլ քաղաքական կառոյցներուն եւ երրորդ կողմին կ’արգիլուի Ազրպէյճանին ԱՄՆ արտադրութեան ռազմական սարքաւորումներու եւ արհեստագիտութիւններու վաճառքը, փոխանցումը:  

Ես շատ ուրախ կ’ըլլամ, եթէ դուք կիսէք իմ մտահոգութիւններս եւ հետեւիք այս խնդիրին, ինչպէս նաեւ, եթէ կարելի է, ինծի տեղեկութիւն փոխանցէք վերը նշուած հարցին վերաբերեալ»,- գրած է Արփինէ Յովհաննիսեանը իր նամակին մէջ:

Քաղաքագէտ Սուրէն Սարգսեանը թուիթըրի իր էջին վրայ առաջին ահազանգողն էր՝ անհասկնալի համարելով, թէ ի՛նչպէս  ամերիկեան արտադրութեան «Bell 412» տեսակի ուղղաթիռները յայտնուած են Պաքու՝ մասնակցելու ռազմական շքերթին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին