*ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ*
Մշակոյթն է որ ինքնուրոյն դիմագիծ կու տայ որեւէ ազգային հաւաքականութեան, կը բնորոշէ անոր տեղն ու դերը մարդկային քաղաքակրթութեան խճանկարին մէջ, միաժամանակ հարստացնելով այդ խճանկարի բազմագոյն, բազմերանգ պատկերը: Մեր ժողովուրդը՝ իր հայրենիքին մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս ալ, ամէնուր իր ինքնութեան կնիքն է թողած, հոն ուր հանգրուաներ է պատմական իրադարձութեանց բերումով: Այդ ինքնութեան վսեմագոյն արտայայտութիւններէն են իր ճարտարապետական կոթողները, ուր կարծէք քարը՝ լեզու առած, կը պատմէ հայուն սէրն ու հաւատքը, անոր աշխարհընկալումը, անոր գեղագիտական ճաշակը…
Կիպրոսի շքեղագոյն քաղաքներէն է, անկասկած, Ֆամակուսթան, որ ներկայիս կը մնայ բռնագրաւուած թրքական բանակին կողմէ՝ 1974-էն ի վեր: Անիկա ճանչցուած է որպէս ոչ միայն ծովափնեայ գեղեցիկ քաղաք, այլեւ որպէս հնամեայ, պատմական արժէք ներկայացնող քաղաք իր 365 եկեղեցիներով:
Հոն է որ վերանորոգման աշխատանքներ կատարուեցան վերջերս՝ Եւրոպական Միութեան պատկան Մարմնին եւ Միազեալ Ազգերու UNDP-ի ջանքերով, գործակցաբար՝ Մշակութային Պահպանման յատուկ Յանձնախումբին՝ The Technical Committee on Cultural Heritage-ին: Վերանորոգման աշխատանքները ընդգրկեցին մասնաւորապէս Ֆամակուսթայի 14-րդ դարէն մնացած, Հայկական «Կանչուոր» Ս. Աստուածածին եւ անոր կից գտնուող Լատինական Ս. Աստուածածին եկկեղեցիները:
Վերանորոգման աշխատանքներու ամբողջացման առիթով, յատուկ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 26 Մայիս 2018-ին, կ.ե. ժամը 6:30-ին, կազմակերպութեամբ վերոնշեալ մարմիններուն: Յատուկ հանրակառքեր տրամադրուեցան փափաքողները փոխադրելու արարողութեան վայրը՝ վերանորոգուած զոյգ եկեղեցիներու շրջափակին վրայ: Շուրջ 100 հոգի մասնակից եղան, որոնց մէջ՝ Պետ. Ներկ. Պրն. Վարդգէս Մահտեսեան, Տէր Մոմիկ քհնյ. Հապէշեան, Թեմական եւ Վարչական Մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:
Գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը գործադրուեցաւ, ուր յատկապէս տպաւորիչ էր «Ավէ Մարիա»-ի երգեցողութիւնը՝ մայրամուտի վերջին շողերու մարմրող ցոլքերուն տակ, ինչպէս նաեւ՝ Կոմիտասի «Հայ նարահայ» երգի կատարումը, որոնք պահը ընծայեցին անչափ յուզախռով եւ ոգեշունչ…
Խօսք առին վերանորոգման աշխատանքները նախաձեռնող եւ իրականացնող Մարմիններու ներկայացուցիչները, շեշտելով մասնաւորաբար՝ մշակութային ժառանգութեանց պահպանումին անհրաժեշտութիւնը, որպէս ժողովուրդներու մերձեցման լաւագոյն միջոց, որպէս քաղաքակրթութեան արժէք եւ համամարդկային գանձ…եւ յոյս յայտնեցին որ վերանորոգուած կոթողները կրնան ազդակ դառնալ ներհամայնքային բարեկամական, գործակցութեան մթնոլորտի մը կայացման, ինչպէս նաեւ՝ միացեալ Կիպրոսի մը վերակերտումին:
Խօսք առաւ հայ համայնքին եւ Կիպրոսի Թեմին անունով՝ Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւ, Տէր Մոմիկ քահանայ Հապէշեան, որ յատկապէս արձանագրեց անգլերէն լեզուով «Եթէ կ’ուզես ազգ մը սպաննել, պիտի սպաննես անոր մշակոյթը, քանզի մշակոյթը ազգի մը արմատն է», ինքնութիւնը, եւ յաւելեց որ մշակութային կոթողի մը վերանորոգումը հիասքանչ եւ գովելի աշխատանք է, քանզի աշխարհը հարուստ է իր մշակութային այլազանութեամբ: Ապա ան երախտագիտութիւն ու շնորհակալութիւն յայտնեց պատկան մարմիններուն Կանչուորի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգման ծրագրի իրականացման համար յատկապէս, յանուն հայ համայնքին, յանուն հայ եկեղեցւոյ, յանուն Թեմիս Կաթ. Փոխ. Տէր Խորէն Արք. Տողրամաճեանին:
Ներկաներս շրջեցանք հնաբոյր եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, ուր մնացած են երբեմնի հարուստ որմնանկարներուն շատ աղօտ ուրուագիծը միայն, որ դեռ հիացում կը պատճառէ դիտողին….եւ հուսկ միասնաբար երգեցինք Տէրունական աղօթքը, առաջնորդութեամբ Տէր Մոմիկ քահանային, յուզական ջերմ ապրումներով թաթաւուն: Արդարեւ, տասնամեակներէ ի վեր, գուցէ առաջին անգամն էր որ հայերէն աղօթք կը լսուէր այդ հնաւանդ եկեղեցիին կամարներուն տակ…
Անմոռանալի օր մը՝ արդարեւ, կիպրահայ կեանքի տարեգրութեան մէջ, որ դեռ երկար պիտի ապրի մեր յիշողութեան մէջ:
«Ազատ Խօսք»